Հաճիեւ. «Հայաստանէն արտաքսուած է 300 հազար ազերպայճանցի»
Ազերպայճանի նախագահի աւագ օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ, ելոյթ ունենալով Պաքուի մէջ ընթացող WUF13 միջազգային համաժողովին, Մայիս 19-ին պնդած է, թէ անկախութեան առաջին տարիներուն Ազերպայճանը բախած է «Հայաստանէն՝ ցեղային հիմքով արտաքսուած 300 հազար ազերպայճանցիներու» տեղաւորման խնդրին։
Սակայն, խորհրդային մարդահամարներու տուեալներով՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակող ազերպայճանցիներու թիւը երբեք չէ գերազանցած 200 հազարը։ 1979 թուականի մարդահամարին համաձայն՝ Հայկական ԽՍՀ-ի մէջ կը բնակէր 160 հազար, իսկ 1989 թուականի մարդահամարին համաձայն՝ 84 հազար ազերպայճանցի։ Այլ խօսքով, Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակող ազերպայճանցիներու թիւը երբեք չէ գերազանցած 200 հազարը։
