Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հնչած է «Կիլիկիա»-ն
Screenshot
Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապին հետ ներկայ գտնուած է ժողովուրդին հետ շաբաթական հանդիպումին։
Հռոմի պապը իր խօսքին մէջ նշած է. “Այս եղբայրական այցելութիւնը կարեւոր առիթ մըն է ամրապնդելու համար այն կապերը, որոնք արդէն իսկ գոյութիւն ունին, մինչեւ որ մօտենանք մեր եկեղեցիներու լիակատար միութեան”։
Այնուհետեւ, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեան, Հռոմի պապն ու Արամ Ա. ողջագուրուած են եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ յղելով՝ հրաժեշտ տուած են իրարու։
Հանդիպումի աւարտին, Արամ Ա. վեհափառն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարած են «Կիլիկիա» երգը։
