Մահափորձ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ. իրակա՞ն, թէ՞ խառնաձեւ սպառնալիք
Screenshot
Հայաստանի մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթ մը, ուր դիմակաւորուած հինգ անձեր սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ կը հնչեցնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին: Անոնք կը յայտարարեն, թէ Փաշինեանը «յանձնած է Արցախը» եւ պատասխան պիտի տայ իր ըրածներուն համար։ Տեսանիւթին մէջ երեւցող անձերը զինուած են ինքնաձիգներով։
Ուշագրաւ է, որ անոնք կը խօսին Արցախի բարբառով եւ կը յայտարարեն. «Նիկո՛լ, քեզ ջրելու ենք»՝ ենթադրաբար նկատի ունենալով վերացնելու կամ սպանելու սպառնալիք։ Բացի ասկէ, դիմակաւորուած անձերը Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ կ՚ընեն գալիք ընտրութիւններուն քուէ չտալու Փաշինեանին ի նպաստ, որմէ կարելի է հետեւցնել, որ տեսանիւթը պատրաստողներուն համար առանձնակի կարեւորութիւն ունին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։
Քրէական վարոյթ՝ սպանութեան նախապատրաստութեան յօդուածով
Քննչական կոմիտէն արդէն իսկ քրէական վարոյթ նախաձեռնած է: Կոմիտէէն տեղեկացուցած են, որ հաղորդում ստացուած է Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն առ այն, որ ինքնութիւնը անյայտ անձեր ուղղակի եթերով վարչապետը սպանելու իրական վտանգ պարունակող սպառնալիքներով տեսանիւթ տարածած են՝ պայմանաւորուած անոր քաղաքական հայեացքներով եւ գործունէութեամբ:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ասիկա զուգորդուած է խուլիկանական դրդումներով եւ ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան շարժառիթով։ Ներկայիս կը կատարուի նախաքննութիւն՝ յանցագործութիւնը կատարած անձերու ինքնութիւնը բացայայտելու համար:
Փաշինեանի արձագանգն ու մեղադրանքները
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեղադրանքի սլաքները ուղղած է նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն մասնակցող Սամուէլ Կարապետեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի ուղղութեամբ՝ նշելով, որ դիմակաւորուած անձերու խօսոյթը նոյնն է, ինչ որ ընդդիմադիրներունը։
Իր դիմագիրքեան էջին վրայ հրապարակուած «Ուղերձ դիմակաւորուած փսլինքներուն» վերնագրով տեսանիւթին մէջ, Փաշինեան սպառնացած է «սատկեցնել», «ծունկի բերել» եւ «կզեցնել» իր քաղաքական հակառակորդները։ Ան հարց տուած է, թէ իբրեւ «ուժեղ տղաք» ներկայացող այս անձերը ո՞ւր էին 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ատեն, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ դիմակները հանելու պարագային պիտի պարզուի, որ անոնք փախած են ռազմաճակատէն՝ մինակ ձգելով զինուորները: Փաշինեան հաստատած է, որ իրաւապահ մարմինները հատ-հատ պիտի գտնեն զանոնք եւ «ասֆալթը կերցնելով»՝ քրէակատարողական հիմնարկ պիտի նետեն։
Ընդդիմութեան հակադարձութիւնը. «Փաշինեանն է բեմադրած»
Ընդդիմութիւնը իր կարգին կը կասկածի, թէ տեսանիւթին ետին կրնան կանգնած ըլլալ իշխանութեան շրջանակները։ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնները խստիւ դատապարտած են բռնութեան որեւէ կոչ։
Նախկին ՄԻՊ, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Արման Թաթոյեան նշած է, թէ սա կրնայ իշխանութեան կազմակերպած սադրանքը ըլլալ՝ արցախցիները թիրախաւորելու քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ շարունակելու համար, պահանջելով հրապարակային ու առարկայական քննութիւն:
«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան աւելի հեռու երթալով պնդած է, որ տեսանիւթը ինք՝ Փաշինեանը «բեմադրած է»՝ ժողովուրդին մէջ վախ սերմանելու եւ ընդդիմութեան նկատմամբ ապօրինի քայլերն ու ձերբակալութիւնները արդարացնելու նպատակով։ Նոյնանման կասկածներ յայտնած են նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Բոլորին դէմ եմ» կուսակցութիւնները։
Փորձագիտական շրջանակներու գնահատականը
Հայ փորձագէտները կը կարծեն, որ նման տեսանիւթի տարածման նպատակը հանրութեան մէջ խուճապ յառաջացնելն է, ինչպէս նաեւ արցախցիներուն հանդէպ լարուածութիւն եւ ատելութիւն հրահրելը։ Շատեր չեն բացառեր, որ տեսանիւթը նկարահանուած ըլլայ Հայաստանէն դուրս՝ յատկապէս Ռուսաստանի մէջ։ Ոմանք կատարուածը որակած են «դասական ռուսական քայլ»։
Քաղաքական վերլուծաբան Յովսէփ Խուրշուդեան զգօնութեան կոչ ըրած է՝ նշելով, որ Կրեմլինի խամաճիկները կը փորձեն պառակտել հայութիւնը՝ իրարու դէմ հանելով եւ յորդորած է անտեսել նման փորձերը։
Քաղաքագէտ Արեգ Քոչինեան նոյնպէս նկատել տուած է, որ սա շատ նման է «կեղծ դրօշակով» (false flag) գործողութեան մը, որուն նպատակն է անապահովութեան զգացում ստեղծել եւ ներքին լարուածութիւն յառաջացնել, յատկապէս արցախահայութեան նկատմամբ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նման խարդաւանանքներ տակաւին շատ պիտի ըլլան եւ շատ հաւանական է, որ տեսանիւթին մէջ խօսողները արցախցի իսկ չեն, այլ՝ կը գտնուին Ռուսաստանի տարածքին։ Ան ժողովուրդին յորդորած է պահպանել հանդարտութիւնն ու չենթարկուիլ գրգռութիւններու։
