Ախուրեանի եւ Արաքսի ջուրերու համատեղ օգտագործման Հայաստան-Թուրքիա յանձնաժողովի առաջին նիստը

Արաքսի ջուրերը

Հայաստանի Ջրային կոմիտէն կը հաղորդէ, թէ տեղի ունեցած է Ախուրեան եւ Արաքս գետերու ջուրերու միասնաբար օգտագործման Հայաստան-Թուրքիա յանձնաժողովի նիստը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կայանար Երեւանի մէջ։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտին վրայ, այնուհետեւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութեան «Ջրառ» ընկերութեան վարչական շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Սարդարապատի կարգաւորիչի շահագործման» եւ «Ախուրեանի ջրամբարի շահագործման» հայ-թրքական յանձնաժողովներու հանդիպումը։

«Ջրառ»-ի տնօրէն Տիգրան Վարդանեան նշած է, որ կնքուած փաստաթուղթերը կազմուած են երկուստեք շահաւէտ պայմաններով։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած են շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններ: Առայժմ այլ մանրամասնութիւն չէ հրապարակուած:

Նշենք նաեւ, որ անցեալ ամսուան աւարտին Կարսի մէջ հանդիպում ունեցած էր Գիւմրի-Կարս երկաթուղագիծի վերականգնման եւ գործարկման Հայաստան-Թուրքիա միացեալ աշխատանքային խումբը։