ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստանի պատմութեան թանգարանին նուիրուած բանախօսութիւն՝ Լուվրի մէջ
Screenshot
Մայիս 21-ին, Փարիզի Լուվրի թանգարանի «Միշէլ Լաքլոթ» դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենար բանախօսութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ հայկական հնագիտական ժառանգութեան պահպանման։ «Հնագիտութեան միջօրէներ» ծրագրի ծիրէն ներս կազմակերպուած այս ձեռնարկին ընթացքին կը ներկայացուէր թանգարանի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ հնագիտութեան զարգացումն ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման արդի մարտահրաւէրները։
Բանախօսութիւնը լոյս կը սփռէր 1919-ին հիմնադրուած Թանգարանի առանցքային դերակատարութեան վրայ. կը նշուէր, որ նախքան անոր ստեղծումը, Հայաստանի մէջ պեղուած հնագիտական գտածոները յաճախ կը ցրուէին կայսերական ու եւրոպական հաստատութիւններու մէջ, իսկ Ազգային թանգարանի հիմնադրումը վերջապէս կարելի դարձուցած է այդ հարստութեան տեղւոյն վրայ կեդրոնացումը, գիտական ուսումնասիրութիւնն ու պահպանումը։
Օրուան բանախօսներն էին Թանգարանի գիտական գծով փոխտնօրէն, մարդաբան եւ յատկապէս ճգնաժամային պայմաններու տակ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մասնագէտ Նժդեհ Երանեան, եւ թանգարանի գլխաւոր համադրող, արուեստաբան ու հնագիտական պեղումներու եւ մոռցուած հաւաքածոներու վերականգնման մասնագէտ Սոնա Յովսէփեան:
