Ռուսաստանէն նոր արգելքներ՝ հայկական արտադրութիւններուն դէմ
Երեւանի արձագանգը
Ռուսաստանի կողմէ հայկական ապրանքներու ներածման դէմ սահմանափակումները հետզհետէ կը շատնան: Ռուսական «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը եւ «Ռոսսելխոզնատզոր»-ը յայտարարած են հայկական շարք մը արտադրութիւններու՝ Ռուսաստան ներածման եւ վաճառքի ժամանակաւոր կասեցման կամ սահմանափակման մասին:
Մասնակի սահմանափակումներէ ետք, ներկայիս ամբողջական արգելքի տակ յայտնուած են «Ջերմուկ» հանքային ջուրը, որոշ ընկերութիւններու («Վետի-Ալքօ», «Աբովեանի քոնեակի գործատուն», «Շահնազարեան») քոնեակն ու գինին, ինչպէս նաեւ հայկական ծաղիկները, բանջարեղէնն ու միրգերը։ Ռուսական կողմը այս քայլերը կը հիմնաւորէ որակի եւ առողջապահական չափանիշերու ենթադրեալ խախտումներով:

Այս սահմանափակումները կը զուգադիպին Մոսկուայէն հնչող քաղաքական կոշտ յայտարարութիւններուն հետ, որոնք կը քննադատեն Երեւանի մերձեցումը Եւրոպական Միութեան եւ զայն կ՚որակեն «ոչ-դաշնակցային»:
Անդրադառնալով այս խնդիրներուն՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վստահեցուցած է, որ հարցերը պիտի լուծուին «առողջ եւ կառուցողական քննարկման մթնոլորտի մէջ»: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յորդորած է խուճապի չմատնուիլ՝ նշելով, որ ռուսական կողմի այս քայլերը մասամբ հետեւանք են Հայաստանի ներքին ընտրական գործընթացներուն մէջ ռուսամէտ ուժերու (ինչպէս Գագիկ Ծառուկեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սամուէլ Կարապետեանի) հրահրումներուն եւ հայ-եւրոպական յարաբերութիւններու ջերմացման: Սիմոնեան աւելցուցած է, որ Ռուսաստան եւս տնտեսական շահ ունի այդ ապրանքներու սպառումէն, եւ խնդիրը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ:
