Հայաստանի Զինուած Ուժերու նոր զինանշանը
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ներկայացնէ արդիականացման պատճառներն ու խորհրդանիշերը
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի նոր զինանշանը։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է զինանշանի լուսանկարն ու անոր ուղեկցող մանրամասն բացատրագիրը՝ ներկայացնելով կատարուած փոփոխութիւններն ու զայն արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը։
Ըստ գերատեսչութեան՝ 2001-ին ստեղծուած նախկին զինանշանը ունէր շարք մը զինանշանագիտական, ձեւաբանական եւ գաղափարաբանական թերութիւններ, ուստի բանակի բարեփոխումներու եւ կերպափոխման ծիրէն ներս նախաձեռնուած է նաեւ այս խորհրդանիշի սրբագրման գործընթացին։ Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կը նշուի, որ նախկին տարբերակին գլխաւոր կերպարը՝ արծիւը, պատկերուած էր գոց կտուցով, ինչ որ զինանշանագիտութեան մէջ կը նկատուի հանգիստ, ոչ-մարտական վիճակ եւ յաճախ կ՚ընկալուի իբրեւ անշունչ կերպար։ Ասկէ զատ, կը բացակայէր արծիւին մարմինը, իսկ վերջոյթներու, ճանկերու ու զէնքի չգոյութիւնը կը ստեղծէր անդամահատուած ու խոցելի էակի մը տպաւորութիւնը, ինչ որ անթոյլատրելի է բանակի պարագային։ Նախկինին մէջ սուրը զետեղուած էր վահանին ետեւը՝ իբրեւ պաշտպանութեան անպատրաստ ըլլալու նշան, մինչդեռ Հայաստանի բանակի առաքելութիւնը երկրի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան մշտապէս պատրաստ ըլլալն է։ Աւելին, պետական եռագոյնը ներկայացուած էր մասնատուած ժապաւէններու տեսքով, ինչ որ կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ պառակտուած պետականութիւն։
Այս բոլոր թերութիւնները յաղթահարելու նպատակով՝ նոր զինանշանը ամբողջութեամբ վերաիմաստաւորուած է։ Կեդրոնական կերպարը այժմ ունի լիակատար ու ամբողջական մարմին. յստակօրէն կ՚երեւին գլուխը, թեւերն ու ճանկերը։ Արծիւին կտուցը բաց է, որ կը խորհրդանշէ պատրաստակամութիւն, զգօնութիւն եւ խօսքի ու ուժի իրաւունք։ Որպէս թագակիր գիշատիչ՝ անոր աշխուժ կեցուածքը կը մարմնաւորէ Հայաստանի բանակի արթնութիւնն ու մարտական ոգին։ Անոր ետին կը շողայ ոսկեգոյն արեւը՝ շրջանաձեւ ծաւալող ճառագայթներով, որ լոյսի, կենսունակութեան եւ հայ ժողովուրդի յարատեւման խորհրդանիշն է, մինչ ոսկեգոյնը ինքնին կը խորհրդանշէ յաւերժութիւն, բարեկեցութիւն եւ իշխանութիւն։
Արծիւի կուրծքին զետեղուած է կլոր ոսկեգոյն վահան մը՝ զարդարուած հայկական ութաթեւ արեւախաչով։ Անոր կեդրոնը կայ սերմնահատիկ մը, որ կը մարմնաւորէ ապագայ զինուորները. անոնք ռազմի դարբնոցին մէջ պիտի ծլարձակեն ու շարունակեն յաւերժական անընդհատութիւնը։ Արծիւը իր ճանկերուն մէջ ամուր բռնած է նաեւ պատմական նշանակութիւն ունեցող զէնքեր։ Ձախին մէջ ոսկեգոյն սուրն է՝ «միշտ պատրաստ վիճակ»-ի խորհրդանիշը, իսկ աջին մէջ՝ Հայաստանի բանակի պահապան հանդիսացող Աշոտ Երկաթի Սուրբ խաչը։ Վերի հատուածին մէջ զետեղուած են Հայաստանի պետական եռագոյնն ու քարտէսը, որոնք զինանշանը անքակտելիօրէն կը կապեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ վերահաստատելով, որ բանակը պետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորն է։
