Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակին ընդառաջ

Աճառեան

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարին ղեկավարութեամբ՝ Յոբելինական յանձնաժողովը քննարկած է Աճառեանի 150-ամեակի ձեռնարկներու ծրագիրը

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ղեկավարութեամբ, մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած յոբելինական յանձնաժողովը իր հերթական նիստին ընթացքին քննարկած է նախատեսուած ձեռնարկներու ծրագիրը: Նիստին ներկայ գտնուած է նաեւ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան:

Ողջունելով ներկաները՝ Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր նկատած է յոբելինական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկներուն մեծ տարածում գտնելն ու հասանելի ըլլալը հանրային լայն շրջանակներու: Որպէս յոբելինական առանցքային ձեռնարկ՝ նախարարը յատուկ կերպով անդրադարձած է Փարիզի մէջ Աճառեանի անունով յուշատախտակի բացման՝ նշելով, որ այս ուղղութեամբ գործընկերներու հետ արդէն իսկ պատշաճ աշխատանքներ կը տարուին:

Ըստ ԿԳՄՄ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ժողովին մասնակիցները շեշտած են նաեւ Աճառեանի գիտական ժառանգութիւնը լայնօրէն տարածելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս վերահրատարակութիւններու թուայնացման աշխատանքներու ճամբով: Այս ծիրէն ներս, ներկայացուած ծրագրով կը նախատեսուի Աճառեանի այն յօդուածները, որոնք յաճախ գիտական շրջանառութենէ դուրս կը մնան, մէկտեղել եւ հրատարակել առանձին հատորներով:

Յանձնաժողովը դրական եւ խրախուսելի համարած է թէ՛ դպրոցականներու գործուն մասնակցութիւնը այս ձեռնարկներուն, թէ՛ ալ տարբեր հաստատութիւններու ցուցաբերած նախաձեռնող ոգին՝ ներկայացնելու իրենց սեփական ծրագրերը:

Նիստի աւարտին քննարկուած են նաեւ ձեռնարկներու ժամանակացոյցն ու կազմակերպչական շարք մը այլ հարցեր: