Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախաձեռնէ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու պետականացման
Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս պիտի սկսի «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան բաժնեթուղթերը հանրային գերակայ շահ ճանչնալու եւ զանոնք պետականացնելու գործընթացին։ Այս մասին յայտնած է ՀԷՑ-ի ղեկավարի պաշտօնակատար Ռոմանոս Պետրոսեան՝ բացատրելով, որ Մայիս 25-ին լրացած է Վարչական դատարանին կողմէ ճշդուած այն պայմանաժամը, որուն ընթացքին ընկերութեան սեփականատէրերը, կառավարութեան համաձայնութեամբ, պէտք է զիջէին իրենց բաժնեթուղթերուն 100 տոկոսը։ Քանի որ նշուած պայմանաժամուն այդ մէկը չէ իրականացած, պետութիւնը օրէնքի եւ Սահմանադրութեան ուժով պիտի դիմէ ընկերութեան ամբողջական պետականացման։
Այս գործընթացը սկիզբ առած էր 2025 Յունիսին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր ընկերութիւնը պետականացնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այնուհետեւ խորհրդարանը ընդունած էր նոր օրէնք մը, որ ընդլայնած էր Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին (ՀԾԿՅ) լիազօրութիւնները՝ արտօնելով անոր միջամտել եւ կանխարգելիչ միջոցներ կիրարկել մեծապէս խոցելի ընկերութիւններու պարագային։
Ճիշդ այդ նոր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս ալ անցեալ տարուան Յուլիսին Ռոմանոս Պետրոսեան նշանակուած էր ընկերութեան առժամեայ կառավարիչ։ ՀԷՑ-ի սեփականատէր «Տաշիր Գափիթալ» խումբը այս որոշումին դէմ բողոքած էր դիմելով Սթոքհոլմի իրաւարար (միջնորդ) դատարանին, իսկ 2025 Նոյեմբերին պետութիւնը որոշած էր դադրեցնել «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու գործունէութեան արտօնագիրը։
