ԳԼԱՄԱՐ
«Հայաստանի օր» 11-րդ փառատօնը
Մայիս 23-ին, Փարիզի մերձակայ Գլամար հայաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր» ամէնամեայ մշակութային 11-րդ փառատօնը։ Մթնոլորտը աննկարագրելիօրէն ջերմ էր եւ հայկական ոգիով լի։


Ձեռնարկի բացման պաշտօնական բաժինին տեղի ունեցան քանի մը յատկանշական ելոյթներ։ Հանդէս եկան Ֆրանսայի Ներքին գործոց լիազօր նախարար, Գլամարի նախկին քաղաքապետ (շուրջ տասը տարի) Ժան-Տիտիէ Պերժէն, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Կիյոմ Գասպարեանը, Գլամարի քաղաքապետ Իվ Քոսքասը, փոխքաղաքապետ Ժաքլին Մինասեանն ու Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Դաւիթ Ասոյեանը։ Անոնց խօսքերը անգամ մը եւս կը վկայէին հայ-ֆրանսական ամուր կապերուն եւ այս հիւրընկալ քաղաքին մէջ հայկական մշակոյթի արժեւորման մասին։


Օրուան մշակութային բաժինը պարզապէս տօնական էր։ Բեմ բարձրացան ֆրանսահայ երաժշտական եւ պարի խումբեր, որոնք իրենց կատարումներով խանդավառեցին բոլորը։ Տարածքին մէջ կազմակերպուած էին ստեղծագործական ու ժամանցային զանազան խաղեր, ինչպէս նաեւ ճատրակի ազատ մրցումներ, որոնք կենսունակութիւն կը հաղորդէին միջավայրին։ Այցելուներուն յատկապէս հաճելի էր մօտէն ծանօթանալն ու զրուցելը հայ հեղինակներու հետ, որոնք իրենց ներկայութեամբ ու հեղինակած գիրքերով աւելի կը ճոխացնէին այս գեղեցիկ ու յիշարժան ձեռնարկը։
