Մայիս 28-ի զօրահանդէսը
«Հանրապետութեան օր»-ուան զինուորական շքերթին ներկայացուած է եօթը երկրի արտադրութեան սպառազինութիւն

Մայիս 28-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ փառաւոր զօրահանդէսով մը նշուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման տօնը, որ ներկայի Հայաստանին մէջ պաշտօնապէս հռչակուած է «Հանրապետութեան օր»։

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը զինուորական շքերթին ներկայացուցած է նոր սպառազինութիւնը, նոր համազգեստով ու գաղափարաբանութեամբ։

Զօրահանդէսի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է. “Այդ գաղափարաբանութեան առանցքը հետեւեալն է. բանակի միակ խնդիրը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած, ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութիւնն է, եւ մեր բանակը պէտք չէ կիրարկուի Հայաստանի միջազգային տարածքէն դուրս, բացառութեամբ՝ միջազգային պայմանագրերու հիման վրայ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններու։ Այս մօտեցումն է, որ կարելի դարձուցած է այն, ինչ որ այսօր կը տեսնէք”։

Ըստ վարչապետին՝ 2022-էն առաջ, սպառազինութեան եւ ռազմական արհեստագիտութեան միջազգային շուկաները մեծ մասամբ փակ կամ դժուար հասանելի էին Հայաստանի համար, որովհետեւ միջազգային գործընկերները կը մերժէին զէնք մատակարարել այն պատճառաբանութեամբ, թէ համոզուած են, որ Հայաստան այդ զէնքը պիտի գործածէ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն դուրս։

“Միայն 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն ետք, երբ Հայաստանն ու Ազերպայճանը 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ ճանչցան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը, սպառազինութիւններու միջազգային շուկան բացուեցաւ Հայաստանի առջեւ”,– ընդգծած է վարչապետը։

Անոր հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այս զօրահանդէս-հաշուետւութեան կը ներկայացուէր 7 երկիրներու արտադրութեան սպառազինութիւն եւ ռազմական արհեստագիտութիւն։ “Ռազմարհեստագիտական համագործակցութեան այս աշխարհագրութիւնը «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններու արդիւնք է”,– աւելցուցած է Փաշինեան։

Ան զօրահանդէս-հաշուետւութեան կարեւորագոյն առանցքներէն մէկը նկատած է Հայաստանի մէջ արտադրուած սպառազինութիւնն ու ռազմական արհեստագիտութիւնը, որ ըստ Փաշինեանի, միջազգային շուկայի մէջ կայուն դիրքեր գրաւելու իր առաջին, բայց վստահ քայլերը կ՚ընէ։

“Հայաստանի կառավարութիւնը 2022-էն սկսեալ շուրջ 170 միլիառ դրամի ներդրում կատարած է ռազմարդիւնաբերական ոլորտին մէջ, եւ այսօր մենք ունինք արդիւնքներ, որոնցմով կրնանք հպարտանալ”,– եզրափակած է վարչապետը։

