Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին գլխաւոր կէտերը 

Փաշ-մամլոյ ասուլիս

TRIPP ծրագիր, ընտրութիւններ եւ յարաբերութիւններ Ռուսաստանի ու ԵԱՏՄ-ի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիս 28-ին, ընտրութիւններէն առաջ իր տուած վերջին մամլոյ ասուլիսին անդրադարձած է երկրին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան շարք մը առանցքային հարցերուն։

TRIPP ծրագիր եւ Խաղաղութեան պայմանագիր

Հայաստանի մէջ իրագործուելիք հայ-ամերիկեան TRIPP («Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման») ծրագիրը անմիջականօրէն կապուած չէ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման կամ վաւերացման հետ։ Ան առանձին համաձայնագիր մըն է, որու ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային փաստաթուղթը նախաստորագրուեցաւ Մայիս 26-ին՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

Ներքաղաքական իրավիճակ եւ ընտրութիւններ

Անդրադառնալով երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի յայտարարութեան, թէ ընտրութիւններուն «իր յաղթանակին գողցուելուն» պարագային պատրաստ է յեղափոխութեան դիմելու, վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի հաստատութենական եւ իրաւապահ համակարգերը բաւարար չափով կայացած են՝ յեղաշրջման որեւէ փորձ արմատէն կանխելու համար։

Փաշինեան անիմաստ նկատած է մեկնաբանել Քոչարեանի՝ յաղթելու յաւակնութիւնները։

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 7-ին, որոնց կը մասնակցին 18 քաղաքական ուժեր։

Յարաբերութիւններ՝ Ռուսաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի հետ

Հայաստան մտադիր չէ լքելու Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը (ԵԱՏՄ). ընդհակառակն, երկիրը պիտի օգտագործէ իր ներկայութիւնն ու լծակները՝ պաշտպանելու համար սեփական տնտեսական շահերը։

Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին դրական կերպափոխման հանգրուանի մէջ։ Հակառակ այն լուրերուն, որ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարարութիւնը կրնայ կասեցնել կազի, նաւթամթերքի եւ ադամանդի մատակարարումը (եթէ Հայաստան շարունակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը), վարչապետը վստահեցուցած է, որ բոլոր հարցերը կը լուծուին հանդարտ եւ աշխատանքային մթնոլորտի մէջ։

Ըստ Փաշինեանի՝ Հայաստանի տնտեսութեան ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ, եւ յառաջիկային կ՚ակնկալուին միլիառաւոր տոլարներու ներդրումներ։

Տնտեսական ուղիներու բազմազանացում

Կը շարունակուի ներմուծման եւ արտածման շուկաներու բազմազանացման քաղաքականութիւնը։

Հայկական արտածումներուն համար արդէն իսկ բացուած է Ախալքալաք-Կարս երկաթուղին։

ԵԱՏՄ-ի ներուժը տակաւին ամբողջութեամբ չէ սպառած, եւ երկաթուղիի բացումով մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին զարգացնելու առեւտրական կապերը Ղազախստանի եւ Քիրկիզստանի հետ՝ Ազերպայճանի տարածքով։ Այս ծիրէն ներս արդէն իսկ Ղազախստանէն ցորենի ներածման գործարք կնքուած է”,– եզրակացուցած է վարչապետը։