Տանըլտ Թրամփի զօրակցութեան գրառումը՝ Փաշինեանին
ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ Մարքօ Ռուպիոյի վերջերս Հայաստան կատարած այցելութեան առնչութեամբ, իր ընկերային ցանցի էջին հրապարակած է հետեւեալ գրառումը, ուր իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ վարչապետ Փաշինեանին, խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Գրառումը տարածուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութեան կողմէ.
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ մեծ բարեկամ եւ առաջնորդ մը, իր երկիրը կը դարձնէ հզօր, հարուստ եւ շատ ապահով։ Նիկոլը ամբողջութեամբ կը բաժնէ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ եւ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ իմ տեսլականս՝ Հայաստանի եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար։
Մեր պետական քարտուղարը՝ Մարքօ Ռուպիօն, վերջերս մեկնեցաւ Հայաստան, ուր յառաջ մղեց շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններ մեր երկու երկիրներուն համար։ Շուտով, Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը միասնաբար հիմքը պիտի դնեն «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»-ին, որ պիտի կերպարանափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ պիտի օգնէ ամերիկեան ուժանիւթի մեր հիանալի ընկերութիւններուն՝ մուտք ապահովելու Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։
Այս պատճառներով, Նիկոլը ունի իմ ԼԻԱԿԱՏԱՐ եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ զօրակցութիւնս՝ 7 Յունիս 2026-ի վերընտրութեան համար։ Նիկոլին օգնութեամբ, մենք Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը, Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան պիտի հասցնենք աննախադէպ բարձունքներու։
Կրկին հզօրացնենք (Հայաստանը)։
Նախագահ ՏԱՆԸԼՏ Ճ. ԹՐԱՄՓ»։
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին՝ այս «բարեկամական խօսքեր»-ուն համար։
