Ապակեդրոնացուած համագործակցութեան դերը քննարկուած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ

Ֆր-Ծերակոյտ-1

Ելոյթ ունեցած է դեսպան Արման Խաչատրեան

Մայիս 29-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Ֆրանսայի միաւորուած համայնքներու կառոյցը կազմակերպած է «Տարածքներու դիւանագիտութիւն» խորագրով հանդիպում-քննարկումներու շարք մը՝ Ֆրանսայի ապակեդրոնացուած դերակատար կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին հիմնական նպատակն էր շեշտել ապակեդրոնացուած համագործակցութեան դերը միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:

Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը՝ յաջողած օրինակ նկատուած ըլլալով՝ այս հանդիպումին որպէս բանախօս հրաւիրուած էր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան: Դեսպանը մասնակցած է տարածքային միաւորներու արտաքին գործունէութեան նուիրուած կլոր սեղանին։

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ ան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութեան, որուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի երկու երկիրներուն միջեւ կենսունակօրէն զարգացող ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը՝ հիմնուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական ու անկեղծ շփումներուն վրայ: Դեսպանը ընդգծած է, որ հայ-ֆրանսական այս գործակցութեան ռազմավարական նշանակութեան համար կարեւոր հանգրուան էր 2025 Յունիսին Գորիսի մէջ կայացած ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 5-րդ համաժողովը՝ թէ՛ ձեռնարկի կայացման վայրի եւ թէ՛ ձեւաւորուած ընդգրկուն օրակարգի տեսանկիւնէն:

Արման Խաչատրեան խօսած է նաեւ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Հայաստանի մէջ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ իրականացուած ծրագրերուն մասին: Ան բարձր գնահատած է այս ծրագրերու իրագործման մէջ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան շարունակական աջակցութիւնը:

Նշենք, որ հաւաքին կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ծերակոյտի, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու, նահանգներու եւ քաղաքներու ընտրեալներ: