Գաննի մէջ յոտնկայս ծափահարութիւններ Սիմոն Աբգարեանին

Տը Կօլ

«Տը Կօլի ճակատամարտը. Երկաթէ դարաշրջան» ժապաւէնին մէջ ան կը մարմնաւորէ Տը Կօլը

Գաննի շարժանկարի փառատօնին մրցոյթէն դուրս ցուցադրուած «Տը Կօլի ճակատամարտը. Երկաթէ դարաշրջան» (« La Bataille de Gaulle : L’Âge de fer ») ժապաւէնը արժանացած է յոտնկայս եւ անվերջ ծափահարութիւններու՝ յատկապէս շնորհիւ զօրավար Տը Կօլի դերը մարմնաւորող Սիմոն Աբգարեանի ակնառու կատարումին։

Հայ դերասանը խորապէս կը տպաւորէ այս պատմական մեծ գերարտադրութեան մէջ, որուն բեմադիրն է Անթոնէն Պոտրի, իսկ արտադրողը՝ «Փաթէ» (« Pathé ») ընկերութիւնը։

Ունենալով մօտաւորապէս 74 միլիոն եւրոյի պիւտճէ մը՝ Տը Կօլին նուիրուած այս երկմաս ստեղծագործութիւնը կը դասուի ֆրանսական շարժանկարի պատմութեան ամենայաւակնոտ գործերու շարքին։ Երկու բաժիններէ բաղկացած ծրագիրը կը վերապատմէ «Ազատ Ֆրանսա» շարժումի սկզբնաւորութենէն մինչեւ երկրին ազատագրումը երկարող ժամանակաշրջանը։

Առաջին բաժինը՝ «Տը Կօլի ճակատամարտը. Երկաթէ Դդարաշրջան»-ը, շարժանկարի սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Յունիս 3-էն սկսեալ, մինչ երկրորդ մասը՝ «Անունդ կը գրեմ»-ը (« J’écris ton nom »)՝ տարւոյս Յուլիս 3-էն։