Ըստ Լաւրովի՝ ՀԱՊԿ-ի երկիրները համաձայնած են քննարկելՀայաստանի նկատմամբ առնուելիք քայլերը

0b930000-0aff-0242-6692-08da404f6d15_cx5_cy0_cw90_w1080_h608

ՀԱՊԿ-ի (Հա­ւաքա­կան անվտան­գութեան պայ­մա­նագի­րի կազ­մա­կեր­պութիւն) ան­դամ եր­կիրնե­րը հա­մաձայ­նած են քննար­կել Հա­յաս­տա­նի դէմ քայ­լե­րու ձեռ­նարկե­լու հար­ցը՝ կազ­մա­կեր­պութեան կա­նոնադ­րութեան հա­մապա­տաս­խան։ Այս մա­սին յայ­տա­րարած է Ռու­սաստա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Սեր­կէյ Լաւ­րով՝ կա­ռոյ­ցի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու խոր­հուրդի նիս­տէն ետք, որուն Երե­ւան չէ մաս­նակցած։

Լաւ­րով պնդած է, որ կը դի­մեն այս քայ­լին, քա­նի որ Հա­յաս­տան աւե­լի քան եր­կու տա­րիէ ի վեր ան­դա­մավ­ճար չէ վճա­րած։ “Հա­յաս­տա­նի մէջ ընտրու­թիւննե­րու օրը իմ գոր­ծընկերս՝ Արա­րատ Միր­զո­յեանը, ՀԱՊԿ-ի վե­րաբե­րեալ հար­ցումի մը ի պա­տաս­խան, ըսած է, թէ Հա­յաս­տան ան­դա­մավ­ճար չի վճա­րեր, որով­հե­տեւ չի մաս­նակցիր կազ­մա­կեր­պութեան աշ­խա­տանքնե­րուն։ Մենք այ­սօր հա­մաձայ­նե­ցանք քննար­կել ՀԱՊԿ-ի կա­նոնադ­րութեան հա­մապա­տաս­խան յօ­դուա­ծին կի­րարկման հար­ցը”,– ըսած է ան։

ՀԱՊԿ-ի կա­նոնադ­րութեան 25-րդ յօ­դուա­ծին հա­մաձայն՝ պարտքե­րը չվճա­րելու պա­րագա­յին խոր­հուրդը կրնայ կա­սեց­նել տուեալ պե­տու­թեան քա­ղաքա­ցինե­րուն՝ կա­ռոյ­ցի ծի­րէն ներս բաժ­նե­չափա­յին պաշ­տօններ առա­ջադ­րե­լու, ինչպէս նաեւ քուէար­կե­լու իրա­ւունքը։ Իսկ 20-րդ յօ­դուա­ծը կը նշէ, որ եթէ պար­տա­ւորու­թիւննե­րու կա­տար­ման մէջ թե­րացու­մը շա­րու­նա­կուի, խոր­հուրդը կրնայ որո­շում կա­յաց­նել տուեալ եր­կի­րը կազ­մա­կեր­պութե­նէն հե­ռաց­նե­լու մա­սին, որու քուէար­կութեան Հա­յաս­տան իրա­ւունք պի­տի չու­նե­նայ մաս­նակցե­լու։

Յի­շեց­նենք, որ 2024-ին Հա­յաս­տան սա­ռեցու­ցած էր իր մաս­նակցու­թիւնը ՀԱՊԿ-ի մի­ջոցա­ռումնե­րուն ու ռազ­մա­փոր­ձե­րուն եւ հրա­ժարած էր ֆի­նան­սա­ւորու­մէն, սա­կայն պաշ­տօ­նապէս դուրս գա­լու դի­մում չէր ներ­կա­յացու­ցած։ Երե­ւան խստօ­րէն կը քննա­դատէ կա­ռոյ­ցը, քա­նի որ ան չպաշտպա­նեց իր ան­դա­մը 2022-ի ազեր­պայճա­նական յար­ձա­կումնե­րուն ըն­թացքին։ Ապ­րիլ 1-ին, Մոս­կուայի մէջ Փու­թի­նի հետ հան­դիպման՝ վար­չա­պետ Փա­շինեան վե­րահաս­տա­տած էր այս դիր­քո­րոշու­մը՝ նշե­լով, որ չի կրնար հան­րութեան բա­ցատ­րել ՀԱՊԿ-ի ան­գործու­թիւնը։

«Չենք պատ­րաստուիր որե­ւէ բան փո­խելու» Հայաստան պի­տի շա­րու­նա­կէ չվճա­րել ՀԱՊԿ-ի ան­դա­մավ­ճարնե­րը

Իրաց այս կա­ցու­թեան մէջ, վար­չա­պետ Փա­շինեան Յու­նիս 11-ին յայ­տա­րարած է, թէ Երե­ւանին այլ բան չի մնար, քան ըն­դունիլ ՀԱՊԿ-էն հե­ռաց­ման որո­շու­մը, եթէ ռազ­մա­կան դա­շին­քի ան­դամնե­րը նման քայ­լի դի­մեն։

“Գի­տեմ, որ ՀԱՊԿ-էն հե­ռաց­ման գոր­ծի­քակազմ կա՛յ, կը գոր­ծէ՛, եւ եթէ ան­դամ եր­կիրնե­րը որո­շեն Հա­յաս­տա­նը հե­ռաց­նել, մենք ստի­պուած պի­տի ըլ­լանք այդ որո­շու­մը ըն­դունե­լու ի գի­տու­թիւն, ու­րիշ ընե­լիք չու­նինք”,– ըսած է Փա­շինեան։

«Ազա­տու­թիւն» ձայ­նասփիւ­ռի հար­ցումին, թէ ար­դեօք Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ՞ չվճա­րել ան­դա­մավ­ճարնե­րը, թէ՞ կա­րելի է յա­ռաջի­կային վե­րանա­յիլ դիր­քո­րոշու­մը, վար­չա­պետը կարճ պա­տաս­խա­նած է. “Չենք պատ­րաստուիր որե­ւէ բան փո­խելու”։ Ան աւել­ցուցած է, որ ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կը զինք չի մտա­հոգեր։ ■