Յետընտրական քաղաքական պայքարի ուրուագիծը
Հայաստան ապրեցաւ շատ աշխուժ ու յագեցած ընտրական քարոզարշաւ մը։ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն գլխաւոր նորութիւնը գործարար, օլիգարխ Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ի յայտ գալն էր, որ քուէներուն 23,28 տոկոսը ստանալով՝ գրաւեց ընդդիմութեան առաջին դիրքը, առաջ անցնելով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքէն, որ երկրորդ դիրքին վրայ հասաւ, ստանալով քուէներուն միայն 9,93 տոկոսը։ Իսկ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Պատիւ ունեմ» դաշինքը այս անգամ չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւս կրնայ, իբրեւ երրորդ ընդդիմադիր ուժ, խորհրդարան մուտք գործել քուէներու վերահաշուարկէն ետք։
Բաղդատելով 2021-ի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ, Յունիս 7-ի ընտրութիւնները տեղի ունեցան երկրի քաղաքական ու անվտանգային շատ աւելի կայուն պայմաններու մէջ։ 2021-ին Հայաստան գրեթէ քաղաքացիական պատերազմի սեմին կը գտնուէր. 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին Հանրապետութեան նախագահը, կաթողիկոսը, բանակի հրամանատարութիւնն ու ընդդիմութիւնը վարչապետին հրաժարականը կը պահանջէին, իսկ հայկական բանակը քայքայուած էր՝ անկարող երկրին սահմանները պաշտպանելու ազերպայճանական յարձակումներէն։ Ամէն օր երկիրը հողակտորներ ու դիրքեր կը յանձնէր ազերպայճանցիներուն՝ ռուսական բանակի քիթին տակ, որուն օգնութեան դիմած էր Հայաստանի կառավարութիւնը՝ երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան համար։ Հակառակ այդ աննպաստ պայմաններուն, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը շահած էր ընտրութիւնները՝ ձեռք ձգելով քուէներուն 53,91 տոկոսը։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը թէեւ կը մնայ առաջատար, սակայն բաղդատած 2021-ին՝ կը կորսնցնէ 4 կէտ՝ ձեռք բերելով ձայներուն 49,82 տոկոսը։
Թէեւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Քոչարեան յետընտրական յայտարարութեան մէջ կ՚ըսէ՝ «Մենք վիճարկելու ենք ընտրութիւնների արդիւնքները»՝ պատճառաբանելով թէ՝ «Այս ընտրութիւններն անցել են իշխանական համատարած ճնշումների, ընդդիմադիրների ձերբակալութիւնների, վարչական ռեսուրսի աննախադէպ կիրառման ու ընտրախախտումների պայմաններում», սակայն առ այսօր զանգուածային ցոյցեր տեղի չունեցան, միայն դիմումներ եղած են քուէները վերահաշուարկելու համար։ Իսկ ՔՊ-ի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան յետընտրական իր առաջին ասուլիսին՝ խիստ մարտական յայտարարութիւն կատարեց քրէաօլիգարխիկ ղեկավարներուն դէմ. «Մեր առաջնահերթ անելիքը մեր քաղաքացիների պահանջն է՝ քրէաօլիգարխիկ համակարգը վերջնականապէս պէտք է արմատախիլ արուի ՀՀ-ից։ Իմ ասելիքը եւ պլանը չի փոխուել. այդ ուժերի լիդերները պէտք է բերուեն պատասխանատւութեան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով»։
Ընտրութեան վաղորդայնին ՔՊ-ն ընտրապայքարի իր կարգախօսը՝ «Տէ՛ր կանգնիր խաղաղութեան»-ը, վերափոխած էր քրէաօլիգարխիկ համակարգը վերջնականապէս արմատախիլ ընելու պայքարի։ Եւ ի՞նչն է, որ կը թելադրէ այս շրջադարձը։ Անկասկած, ընտրապայքարի ընթացքին Ռուսաստանի քաղաքական վերնախաւին յայտարարութիւնները, Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքներուն վրայ կիրարկուած պատժամիջոցները եւ քարիւղի ու կազի գիներու բարձրացման սպառնալիքները։ Կառավարութեան համար Ռուսաստանի ազդեցութիւնը նուազեցնելու գլխաւոր միջոցը կը նկատուի Հայաստանի մէջ ծուարած քրէաօլիգարխիկ համակարգին դէմ պայքարը, որուն նորայայտ դէմքը կը հանդիսանայ «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը։
Մէկ խօսքով՝ նոր խորհրդարանի ուժերու դասաւորումը հիմնական փոփոխութիւն պիտի չբերէ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ։ Խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան բաժանարար գիծը կը մնայ նոյնը. մէկ կողմէ՝ ձերբազատիլ ռուսական կախեալ վիճակէն՝ յենլով Արեւմուտքին՝ իրականացնելու համար խաղաղութեան օրակարգը եւ դառնալու ինքնիշխան, իսկ միւս կողմէ՝ կառչիլ ռուսական հովանիին՝ վերագրաւելու համար իշխանութիւնը։
Ժ.Չ. ■
