«Խաղաղութեան օրակարգի պահպանումը թոյլ կու տայ խուսափիլ նոր պատերազմէ»
Վարչապետին ասուլիսին գլխաւոր շեշտադրումները
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 11-ի իր ասուլիսին ընթացքին շեշտած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փափաքին պահպանել խաղաղութեան օրակարգը, ինչ որ թոյլ կու տայ խուսափիլ նոր պատերազմէ։ Ան հաստատած է, որ կառավարութեան կազմին մէջ լայնածաւալ փոփոխութիւններ չեն սպասուիր եւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղին կարելի եղածին չափ շուտ պիտի բացուի։ Ըստ վարչապետին՝ այնքան ատեն որ խաղաղութեան օրակարգը կը յարգուի, պատերազմ պիտի չըլլայ։ Ան այս ծիրէն ներս կարեւոր համարած է TRIPP ծրագրին դերը, որ կ՚ենթադրէ երկաթուղիներու եւ մայրուղիներու գործարկում։
Անդրադառնալով Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններուն՝ վարչապետը կոչ ուղղած է դրացի երկրին՝ միասին աշխատելու անհետացածներու եւ գերիներու հարցերուն շուրջ։
Խօսելով ընտրական գործընթացներուն մասին՝ Փաշինեան մեղադրած է ընդդիմութիւնը ընտրակաշառք բաժնելու յանցանքով եւ պնդած, որ այդ գործով մեղաւորները պէտք է յայտնուին անազատութեան մէջ։
ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի հետ կապուած հարցերուն անդրադառնալով եւ խօսելով կազմակերպութենէն հաւանական հեռացման մասին, ան նշած է, որ Հայաստան պարզապէս ի գիտութիւն պիտի ընդունի ՀԱՊԿ-ի համապատասխան որոշումը, եթէ այդպիսին ըլլայ։ Միաժամանակ, ան աւելցուցած է, որ Ռուսաստան կ՚այցելէ, եթէ համապատասխան հրաւէր ստանայ։
Ինչ կը վերաբերի յա՛տկապէս ռուսական կազի սակագիներուն կտրուկ թանկացման առնչուող մտավախութիւններուն ու ռուսական շուկային վերաբերող տնտեսական հարցերուն, վարչապետը յոյս յայտնած է, որ պայմանագրային պարտաւորութիւնները պիտի ապահովուին՝ ընդգծելով նաեւ այլընտրանքային տարբերակներու դիտարկման անհրաժեշտութիւնը։ ■
