Դեսպան Վասիլիս Մարակոս կ՚ողջունէ Արթուր Օսիպեանի ազատ արձակումը

Մարակոս

«Կ՚ողջու­­նեմ Ար­­թուր Օսի­­պեանը ազատ ար­­ձա­­­կելու որո­­շու­­մը։ Ասի­­կա դրա­­կան զար­­գա­­­ցում է։ Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան, հիմ­­նա­­­կան իրա­­ւունքնե­­րու, պատ­­շաճ գոր­­ծընթա­­ցի եւ ար­­տա­­­յայ­­տուելու ազա­­տու­­թեան նկատ­­մամբ յար­­գանքը Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­սարա­­կաց ար­­ժէքնե­­րուն առանցքա­­յին մա­­սը կը կազ­­մեն»,– X-ի իր էջին գրած է Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ Եւ­­րո­­­պա­կան Միու­­թեան դես­­պան Վա­­սիլիս Մա­­րա­կոս։

«Մենք պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք հե­­տեւիլ այս գոր­ծին»,– նշուած է դես­­պա­­­նի գրա­­ռու­­մին մէջ։

Յի­­շեց­­նենք, որ վար­­չա­­­պետին հետ վի­­ճելէն ետք ձեր­­բա­­­կալուած Օսի­պեան 23 օր Նու­­պա­­­րաշէ­­նի բան­­տին մէջ մնա­­լէ ետք, Յու­նիս 10-ի երե­­կոյեան ազատ ար­­ձա­­­կուած է։ Բռնու­­թիւն գոր­­ծադրե­­լու հրա­­պարա­­կային կո­­չերու, խու­­լի­­­կանու­­թեան եւ քա­­րոզ­­չութիւ­­նը խո­­չըն­­դո­­­տելու յօ­­դուած­­նե­­­րով մե­­ղադ­­րուող երի­­տասար­­դը ի նշան բո­­ղոքի հա­­ցադուլ յայ­­տա­­­րարած էր՝ Նի­­կոլ Փա­­շինեանէն պա­­հան­­ջե­­­լով նե­­րողու­­թիւն խնդրել զինք «[Ար­ցա­խէն] փա­­խած» անուանե­­լուն եւ վի­­րաւո­­րելուն համար։

Յու­­նիս 7-ի խորհրդա­­րանա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րէն եր­­կու օր առաջ, Մա­­րակոս Օսի­­պեանի հար­­ցը քննար­­կած էր Մար­դկա­յին իրա­­ւանց պաշտպան Անա­­հիտ Մա­­նասեանին հետ։ ■