Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի առաջնորդները կրկին ցեղասպանութեան մեղադրանքներ փոխանակած են
Թուրքիոյ նախագահը Իսրայէլի վարչապետը ամբաստանած է «Հիթլերի ճամբով ընթանալ»-ու մեղադրանքով։ Մինչ այդ ալ, Պենիամին Նեթանիահուն յայտարարած էր, թէ Էրտողան «հակասեմական բռնապետ մըն է, որ քիւրտերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործած է»։
Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով վատթարացած են 2023-ի Հոկտեմբերէն՝ Կազայի պատերազմէն ի վեր, եւ երկու կողմերը պարբերաբար իրարու հասցէին ցեղասպանութեան մեղադրանքներ ու հրապարակային վիրաւորանքներ կը հնչեցնեն։
Այս վերջին հեռակայ բանավէճը բռնկած է Յունիս 10-ին, երբ Էրտողան յայտարարած է, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները սպառնալիք են Թուրքիոյ անվտանգութեան համար։
Նեթանիահու անմիջապէս հակադարձած է՝ յայտարարելով. “Հակասեմական բռնապետ Էրտողան, որ ցեղասպանութիւն կը գործէ քիւրտերուն դէմ, կ՚աջակցի «Համաս» ահաբեկչական կազմակերպութեան, կը ճնշէ իր սեփական ժողովուրդը եւ կը բանտարկէ քաղաքական մրցակիցները, վերջին մարդն է, որ կրնայ բարոյականութեան դասեր տալ Իսրայէլին”։
Իսրայէլի վարչապետը պնդած է նաեւ, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ «ուժային գործողութիւններու ձեռնարկել Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ, որոնք կը սպառնան Մերձաւոր Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհին»։ ■
