Հայաստան՝ Թուրքիոյ տարածքով մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Լիբանան

ՀՀ-Լիբանան

Հայաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ գտնուող «Մար­գա­րա» ան­ցա­կէտը պի­տի բա­ցուի Յու­նիս 12-էն 22, որ­պէսզի Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Լի­բանան ու­ղարկուող մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան բեռ­նե­րը տե­ղափո­խուին Թուրքիոյ տա­րած­քով։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան հա­մապա­տաս­խան որո­շու­մը ըն­դունուած է Յու­նիս 11-ի նիս­տին ըն­թացքին։

Հա­յաս­տա­նի եւ Լի­բանա­նի հա­մապա­տաս­խան գե­րատես­չութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն մի­ջեւ կա­յացած աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պումնե­րուն հա­մաձայ­նութիւն գո­յացած է ու որո­շուած՝ քննար­կել նաեւ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Լի­բանա­նին մար­դա­սիրա­կան աջակ­ցութիւն ցու­ցա­բերե­լու հար­ցը։ Ըստ այդմ՝ կա­րելիու­թիւն պի­տի ստեղ­ծուի մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւ­նը արագ եւ նուազ ծախ­սե­րով հասցնել Լի­բանան։

Յի­շեց­նենք, որ «Մար­գա­րա» ան­ցա­կէտը չի գոր­ծեր Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ սահ­մա­նին փակ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով։ Անի­կա միակող­մա­նիօրէն փա­կուած էր Թուրքիոյ կող­մէ՝ 1993-ին։ ■