Ռոբերտ Քոչարեանի ելքը Հայաստանէն արգիլուած է
«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի ելքը Հայաստանէն արգիլուած է։ Այս մասին յայտնած է երկրորդ նախագահի գրասենեակը։
Նշենք, որ նախապէս Ռոբերտ Քոչարեանի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր՝ տեղեկացնելով, որ ան Յունիս 14-ին եռօրեայ եւ շատոնց ծրագրուած անձնական այցելութեամբ կը պատրաստուէր մեկնիլ երկրէն։
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ յայտնի դարձած էր, որ իրաւապահ մարմինները օդակայանէն արգիլած էին երկրէն մեկնիլ նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին, քանի որ անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած էր՝ առանձնապէս մեծ չափերով հարկերու վճարումէն խուսափելու յօդուածով։ Մինչ այդ զարգացումը ընդհանրապէս մեկնաբանուեցաւ որպէս «փախուստի փորձ», Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ բանբեր Իվեթա Տօնոյեան բացատրած էր, որ Ծառուկեան երկրէն կը մեկնէր քանի մը օր՝ շատոնց ծրագրուած անձնական գործերու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, արգիլուած էր նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցանկին վրայ առաջին տեղը գրաւող Նարեկ Կարապետեանի ելքը Հայաստանէն։ Վերջինս յայտարարած էր, որ կը պատրաստուէր ուղղուիլ Վերին Լարսի անցակէտ՝ ցոյց տալու համար հոն յառաջացած հայկական բեռնատարներու կուտակումները, որոնք հետեւանք են Ռուսաստանի կողմէ հայկական բազմաթիւ ապրանքներու ներածման դէմ կիրարկուած արգելքներուն եւ սահմանափակումներուն։ Կարապետեան նշած էր, որ Հայաստանի սահմանապահները թոյլ չէին տուած իրեն լքել Հանրապետութեան տարածքը։
