Ռոբերտ Քոչարեան եռօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Հայաստանէն
«Ճամբորդութիւնը անձնական բնոյթ կը կրէ եւ ծրագրուած էր շատոնց»
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան եռօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Հայաստանէն։ Նախագահի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ այս ճամբորդութիւնը անձնական բնոյթ կը կրէ եւ ծրագրուած էր շատոնց, սակայն յետաձգուած՝ նախընտրական խիտ ժամանակացոյցին պատճառով։
«Նախագահին նախկին բազմաթիւ այցելութիւններուն մասին երբեք նախապէս տեղեկութիւն չենք տրամադրած՝ անոնց մասնաւոր բնոյթին պատճառով։ Սակայն, նկատի ունենալով ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն ճամբորդութիւններուն վերաբերեալ իշխանութիւններուն կողմէ վերջերս տարածուող կեղծիքները, հարկ կը համարենք հանրութիւնը զերծ պահել իշխանական յօրինումներու սպասուող չափաբաժինէն»,– նշուած է գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
