Շարժանկարը՝ իբրեւ բանաստեղծութիւն
«Ոսկէ Ծիրան»-ը կը ներկայացնէ 2026-ի իր պաստառը
«Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 23-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնը հրապարակած է 2026-ի իր գլխաւոր պաստառը, որուն հեղինակն է տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ ձեւաւորող Իկոր Կուրովիչը։
Այս տարի պաստառը նուիրուած է բանաստեղծութեան՝ որպէս աշխարհը զգալու, ապրելու եւ վերաիմաստաւորելու իւրայատուկ միջոց։ Հանդիսատեսին ուղղուած՝ փառատօնի գլխաւոր պատգամն է՝ շարժանկարէն սպասել նորանոր յայտնագործութիւններ, եւ ոչ թէ պարզ բացատրութիւններ։ Բանաստեղծութեան նման, շարժանկարը նոյնպէս կը խօսի զգացումներու, պատկերներու եւ ներքին յայտնութիւններու վսեմ լեզուով՝ փոխանակ պատրաստի ու յստակ պատասխաններ ջամբելու։
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 12-էն 19 Երեւանի մէջ՝ հանրութեան ներկայացնելով մրցութային եւ արտամրցութային հարուստ յայտագրեր ամբողջ աշխարհէն։ Ցուցադրութիւններուն կողքին տեղ պիտի գտնեն նաեւ Գաննի, Պերլինի եւ միջազգային առաջատար այլ հարթակներու հռչակաւոր ժապաւէնները։ Այս մեծ տօնին առթիւ Երեւան պիտի ժամանեն աշխարհահռչակ բեմադիրներ, դերասաններ եւ շարժանկարի արուեստի երեւելի դէմքեր։
