Կոչ՝ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու շրջանաւարտներուն

Փաշ_

Հայաստանի վարչապետը աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու շրջանաւարտները կը հրաւիրէ միանալու կառավարութեան տաղանդներու հաւաքակազմին

Վարչապետ Փաշինեան բաց հրաւէր յղած է աշխարհի 200 լաւագոյն համալսարաններու շրջանաւարտներուն՝ միանալու Հայաստանի կառավարութեան տաղանդներու հաւաքակազմին: Այս հրաւէրը բաց է այն անհատներուն համար, որոնք ուսանած են «QS World University Rankings», «Times Higher Education» կամ «Academic Ranking of World Universities» վարկանիշներով լաւագոյն 200-ի շարքին դասուող համալսարաններուն մէջ եւ պատրաստակամ են ծառայելու Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին: 

Հետաքրքրուած թեկնածուները կրնան իրենց դիմումը ներկայացնել՝ ինքնակենսագրական մը (CV) եւ առաւելագոյնը մէկ էջնոց նպատակադրման նամակ մը (motivation letter) ուղարկելով talent@gov.am ելեկտրոնային հասցէին: Դիմումներու ընդունման առաջին փուլը պիտի տեւէ 2026 Յունիս 15-էն մինչեւ Յուլիս 15: 

Նախնական ընտրութիւնը յաջողութեամբ յաղթահարողները պիտի հրաւիրուին հարցազրոյցի, որմէ ետք, յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին, անոնց պիտի առաջարկուին աշխատանքային յստակ հնարաւորութիւններ: 

Իր խօսքի աւարտին, վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Կը սիրեմ բոլորդ»: