Հայաստանը միացեալ տաղաւարով կը ներկայանայ Փարիզի «Eurosatory 2026» պաշտպանական ցուցահանդէսին

Պաշտպանութիւն

ՀՀ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փարիզ կը գտնուին՝ ներկայ ըլլալու համար «Eurosatory 2026» պաշտպանական եւ անվտանգութեան արհեստագիտութիւններու համաշխարհային ցուցահանդէսին, որ իր դռները բացած է Յունիս 15-ին։

Աշխարհի առաջատար այս հարթակին վրայ, Հայաստանը հպարտութեամբ կը ներկայանայ իր ճարտարարուեստական եւ գիտահետազօտական նշանակալի ներուժով։ Ընդհանուր առմամբ 30 հայկական պաշտպանական արհեստագիտութեան ընկերութիւններ կը մասնակցին այս կարեւոր իրադարձութեան։ Անոնցմէ 18-ը՝ միացեալ ազգային տաղաւարի մը հովանիին տակ իրենց նորարարութիւնները կը ցուցադրեն, իսկ 12-ը ներկայ են իբրեւ այցելու՝ միջազգային կապեր հաստատելու եւ ոլորտի նորագոյն զարգացումներուն ծանօթանալու նպատակով։

Նախարար Հայրապետեանի այցելութիւնը կարելի դարձած է շնորհիւ Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Քաթրին Վոթրենի հրաւէրին։ Այս լայնածաւալ մասնակցութիւնը գործնական արդիւնքն է այն փոխըմբռնման յուշագիրին, որ ստորագրուած էր երկու երկիրներու պաշտպանական եւ արհեստագիտական գերատեսչութիւններուն միջեւ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի Մայիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս։ Այս քայլը նոր թափ կը հաղորդէ հայ-ֆրանսական ռազմավարական գործակցութեան։

«Eurosatory 2026»-ը, որ կը համախմբէ աւելի քան 2300 ընկերութիւններ 66 երկիրներէ, Հայաստանին կ՚ընձեռէ աննախադէպ կարելիութիւն՝ զարգացնելու երկրին պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, ընդլայնելու միջազգային համագործակցութիւնը եւ արտադրանքը արտածելու արտաքին նոր շուկաներ։

Պապիկեանի հանդիպումը Վոթրէնի հետ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Յունիս 16-ին, Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Բանակներու եւ նախկին ռազմիկներու հարցերու նախարար Քաթրին Վոթրէնի հետ։

Կողմերը քննարկեցին երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան ընթացքը, զարգացումը եւ հետագայ ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։