Ալիեւ պաշտօնապէս Ազերպայճան հրաւիրած է Հռոմի պապը

Պապ-2

Իլհամ Ալիեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. պապին Ազերպայճան այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը յղած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Ազերպայճանի նախագահին կայքէջը։

«Սուրբ Աթոռի միջկրօնական երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ճորճ Ճէյքըպ Քուվաքատայի հետ Պաքուի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին, Ալիեւ անոր յանձնած է Հռոմի Պապին ուղղուած՝ Ազերպայճան այցելելու հրաւէրի նամակը»,– կը նշուի այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ալիեւ եւ Վատիկանի պատուիրակութիւնը այսօր կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նաեւ Ազերպայճանի տարածքին երկրորդ կաթողիկէ եկեղեցիի մը կառուցման, ինչպէս նաեւ «Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամին եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։