Փութինի քննադատ գիտնականը Հայաստանէն Իսրայէլ մեկնած է

Ռուս այլախոհ

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ձերբակալուած ռուս մաթեմաթիկոս, Փութինի վարչակարգի բուռն քննադատ Միխայիլ Վերբիցկին եռօրեայ արգելանքէ ետք ազատ արձակուած է եւ արդէն կը գտնուի Թել Ավիվ:

Անոր փաստաբանին համաձայն՝ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը բացառութեան կարգով ընդառաջած է դիմումին՝ արտօնելով Ռուսաստանի կողմէ հետախուզման մէջ գտնուող գիտնականին անարգել լքել երկիրը:

56-ամեայ Վերբիցկին, որ 10 տարիէ ի վեր կը բնակի Ռիօ տէ Ժանէիրոյի մէջ, Ռուսաստանի կողմէ կը հետախուզուի 2025-էն՝ «ահաբեկչութիւն արդարացնելու» մեղադրանքով: Գիտնականը կը պարզաբանէ, որ իրականութեան մէջ ինք խստօրէն քննադատած էր «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի ահաբեկչութեան կասկածեալներուն նկատմամբ կիրարկուած դաժան խոշտանգումները (ականջ կտրել, աչք փորել…) հեռատեսիլէն հրապարակայնօրէն ցուցադրելու եւ արդարացնելու ռուսական իշխանութիւններուն գործելաոճը: