Իսրայէլի անզիջող կեցուածքը՝ միջազգային զարգացումներու ենթախորքին
Նեթանիահուի կտրուկ ուղերձները
Մինչ միջազգային դիւանագիտական եւ քաղաքական հարթակներու վրայ յաճախ կը խօսուի ԱՄՆ-Իրան հրադադարը լիարժէք զինադադարի վերածելու հաւանական համաձայնութեան մը մասին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կացութիւնը կը մնայ ծայր աստիճան զգայուն։ Այս բանակցային խօսակցութիւններուն զուգահեռ, Իրան յստակօրէն կը պնդէ, թէ նման զինադադար չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, որ Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումները Լիբանանի եւ տարածաշրջանի այլ հատուածներուն վրայ։ Ճիշդ այս բարդ եւ բազմաշերտ իրադրութեան մէջ, ԱՄՆ-Իրան համաձայնագիրի հնարաւորութեան մասին լուրերու տարածումէն հազիւ 20 ժամ ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հանդէս եկած է ուղերձներով հարուստ յայտարարութիւններով՝ վերահաստատելով իր երկրին ռազմավարական առաջնահերթութիւնները։
Նեթանիահուի ելոյթին գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ Իրանի հիւլէական ծրագիրը, որուն դէմ պայքարը ան բնորոշած է իբրեւ իր «կեանքին առաքելութիւնը»։ Իսրայէլի վարչապետը կտրականապէս յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք թոյլ պիտի չտայ Թեհրանին՝ տիրանալ հիւլէական զէնքի։
Ուղղակի արձագանգելով հաւանական միջազգային համաձայնագրերուն կամ գործարքներուն՝ ան շեշտած է, որ Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը, անկախ անկէ՝ համաձայնագիր կը կնքուի, թէ ոչ։ “Քանի դեռ ես Իսրայէլի վարչապետն եմ, այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ”,– հաստատած է ան՝ ցոյց տալով, որ Թեհրանի նկատմամբ Թել Ավիվի կեցուածքը պիտի մնայ անզիջող։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ սահմանային ռազմական ներկայութեան՝ Նեթանիահու յստակացուցած է, որ Իսրայէլի բանակը դուրս պիտի չգայ Լիբանանի հարաւը ստեղծուած «ապահովութեան» գօտիէն։ Այս ռազմավարական որոշումը, ըստ անոր՝ կենսական նշանակութիւն ունի երկրին հիւսիսային շրջաններու բնակիչներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։ Ան դիտել տուած է, որ Իսրայէլ յաջողած է իր շուրջ ստեղծել «ապահովութեան լայն գօտիներ»՝ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ։ Սուրիոյ պարագային, ան յատկապէս ընդգծած է, որ իսրայէլեան ուժերը ոչնչացուցած են նախագահ Ասատի բանակին ամբողջ զինանոցը, զոր ան որակած է «չարիքի առանցքի» կեդրոնական օղակ։ Նեթանիահու զգուշացուցած է, որ իրենք պիտի պահպանեն այդ ապահովութեան գօտիները այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է պետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։
Հակառակ այն համոզումին, թէ իրենք յաջողած են «Իսրայէլ պետութիւնը փրկել ոչնչացումէ», Նեթանիահու զգուշացուցած է, որ պայքարը տակաւին չէ աւարտած։ Ան կոչ ուղղած է շարունակելու մնալ զգօն ու ուժեղ՝ անհրաժեշտութեան պարագային վճռականօրէն ինքնապաշտպանուելու պատրաստակամութեամբ։
Այս համայնապատկերին մէջ յատկանշական է նաեւ Իսրայէլի վարչապետին անդրադարձը Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն։ Խօսելով ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր երկարամեայ ծանօթութեան մասին՝ ան նշած է, որ թէեւ հիմնականին մէջ կը համաձայնին զանազան հարցերու շուրջ, սակայն երբեմն ալ կ՚ունենան տարակարծութիւններ։ Այս դիտարկումը կու գայ ապացուցելու, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներուն հետ ունեցած դաշնակցային խոր կապերուն, Իսրայէլի համար գերագոյն ու անքննելի առաջնահերթութիւնը իր իսկ գնահատմամբ սահմանուած անվտանգային շահերն են, որոնց յարգուիլը ան կը պահանջէ որեւէ պարագայի։
