Եւրոպական Միութիւնը կ՚ընդառաջէ Հայաստանին
Մաքսատուրքերու նուազեցում՝ ի պատասխան Ռուսաստանի արգելքներուն
Եւրոպական Միութիւնը որոշած է մաքսատուրքերու նուազեցումը տարածել Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանէն արգիլուած ապրանքներու մօտաւորապէս 20 տեսակներու մեծ մասին վրայ. յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկայ շաբաթներուն:
Այս քայլը լայնօրէն կը դիտարկուի որպէս Պրիւսէլի կողմէ Երեւանի հանդէպ թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական աջակցութեան ցուցաբերում՝ օգնելով Հայաստանին նուազեցնելու իր կախուածութիւնը ռուսական շուկայէն եւ սատարելով երկրին ինքնիշխանութեան՝ ընտրութիւններուն յաջորդող շրջանին։
Մայիսին եւ Յունիսին Ռուսաստան արգիլեց գրեթէ բոլոր հայկական գիւղատնտեսական մթերքներու, ներառեալ՝ ծաղիկներու, բանջարեղէնի, կանաչեղէնի, դեղձի, ելակի, խնձորի եւ ձուկի ներածումը: Արգելքները ի զօրու դարձան Յունիս 7-ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին:
