Սիւնիքէն՝ Սինկափուր. հայկական օրկանական ծնեբեկի պատմական արտածումը
Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ գործող «Դաւթեան Ֆարմզ» (Davtyan Farms) ընկերութիւնը սկսած է օրկանական ծնեբեկ (asperge) արտածել Սինկափուր։ Սա առաջին անգամն է, որ հայկական թարմ պտուղն ու բանջարեղէնը 8000 քիլոմեթրէ աւելի հեռաւորութիւն կը կտրեն ու կ՚արտածուին։
Ընկերութեան հիմնադիր Դաւիթ Դաւթեանի համաձայն՝ Սինկափուրի շուկայ մուտք գործելու նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են մօտաւորապէս երկու տարի՝ ընդգրկելով բանակցութիւններ, վկայագրում եւ արտադրութեան համապատասխանացում միջազգային չափանիշերուն։
Նախնական պատուէրը արդէն իսկ եռապատկուած է։
