Ֆրանքեւհայկական ռազմարդիւնաբերական գործակցութեան նոր հանգրուան 

724673476_1371280388214037_2140770198323744664_n.png

«Thales»-ը եւ հայկական «BooTech»-ը գործընկերութեան համաձայնագիր կնքեցին

Ֆրանսական արհեստագիտական հսկայ «Thales»-ը եւ հայկական պաշտպանական արհեստագիտութիւններու «BooTech» ընկերութիւնը ազդարարեցին արդիւնաբերական գործընկերութեան մը մեկնարկը, որ կը միտի խորացնել ռազմավարական գործակցութիւնն ու խորացմանն ու ամրապնդել տարածաշրջանային անվտանգութիւնը։

Այս համաձայնագրին ծիրին մէջ, հայկական «BooTech»-ը հանդէս պիտի գայ որպէս արդիւնաբերական գործընկեր՝ մարտական գործողութիւններու կառավարման համակարգերու, թուային ենթակառոյցներու եւ համացանցային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Միւս կողմէն, «Thales»-ը իր արտադրական փորձառութիւնն ու արհեստագիտութիւնը ի սպաս պիտի դնէ «BooTech»-ին, որ իր կարգին պիտի կեդրոնանայ համակարգերու համադրման եւ ցանցային լուծումներու վրայ։

Գործընկերութեան գլխաւոր նպատակն է ստեղծել փոխհամատեղելի թուային լուծումներ (solutions numériques interopérables), որոնք թոյլ պիտի տան բազմատիրոյթ միջավայրերու մէջ միասնաբար աշխատիլ, միաժամանակ Հայաստանի մէջ ստեղծելով բարձր որակաւորում պահանջող նոր աշխատատեղեր։

Ղեկավարներու արձագանգները

«Thales» ընկերութեան Եւրոպայի գիծով աւագ փոխնախագահ Մարք Տարմոնի համաձայն, ընկերութեան համաշխարհային արդիւնաբերական ներուժին ու «BooTech»-ի համադրման կարողականութիւններուն միաւորումը պիտի արագացնէ համատեղ լուծումներու տրամադրումը՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ աշխարհի այլ երկիրներու զինուած ուժերուն։ Ան աւելցուց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցման այս հանգրուանին, այս գործակցութիւնը կը նպաստէ եւրոպական անվտանգութեան, կատարուած ներդրումներէն օգտուելու կարելիութիւն ստեղծելով երկու կողմերուն տնտեսութիւններուն ու ժողովուրդներուն։

Իր կարգին, «BooTech»-ի գլխաւոր տնօրէն Աշոտ Ղուկասեան յայտնեց, որ ռազմավարական այս գործընկերութիւնը վստահութեան կարեւոր դրսեւորում մըն է. “Միասին մենք կը կառուցենք ինքնիշխան պաշտպանական արդիւնաբերութիւն մը, որ կը նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման եւ կը զարգացնէ մեր արհեստագիտական ինքնաբաւութիւնը”,– ընդգծեց ան։

Այս քայլը կը վկայէ ֆրանքեւհայկական ռազմավարական գործակցութեան շարունակական զարգացման մասին, յատկապէս պաշտպանութեան, արհեստական բանականութեան եւ համացանցային անվտանգութեան մարզերուն մէջ։

Արձագանգելով յայտարարութեան, Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան ողջունեց այս գործակցութիւնը՝ զայն որակելով չափազանց կարեւոր ազդակ Հայաստանի պաշտպանական ոլորտին համար։ Ան յիշեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը անմիջական շարունակութիւնն է Մայիս 5-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած հայ-ֆրանսական պաշտպանական գործակցութեան ռազմավարական փաստաթուղթին։

Հակիրճ տեղեկութիւններ՝ ընկերութիւններուն մասին

  • Thales: Համաշխարհային առաջատար է պաշտպանական, օդատիեզերական եւ համացանցային անվտանգութեան մարզերուն մէջ։ Ընկերութիւնը, որ ունի աւելի քան 85 հազար աշխատակից 65 երկիրներու մէջ (2025-ին շուրջ 22,1 միլիառ եւրօ վաճառքի ծաւալով), տարեկան 4,5 միլիառ եւրօ կը ներդնէ հետազօտութիւններու մէջ՝ յատկապէս արհեստական բանականութեան եւ քուանթային (quantum) արհեստագիտութիւններու ուղղութեամբ։
  • BooTech: 2019-ին հիմնուած հայկական այս ընկերութիւնը կը մշակէ մարտի կառավարման, դիտարկման եւ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման (C2/C4ISR) թուային ցանցային համակարգեր։ Հայաստանի զինուած ուժերու համակարգերու համադրող հանդիսացող այս ընկերութեան նպատակն է միաւորել աւանդական եւ նոր սերունդի զինատեսակները, բարձրացնելով ռազմական գործողութիւններու արագութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։