Պոլսոյ պատմական յունաց որբանոցը պիտի վերածուի շքեղ պանդոկի

Istanbul-Greek-orphanage-Credit-Zamir-Saglikoglu-CC-BY-SA-4.0-1392x783.jpg

Տասնամեակներէ ի վեր լքուած եւ փլուզման վտանգի տակ գտնուող Պոլսոյ պատմական յունական որբանոցը փրկելու նպատակով՝ Տիեզերական պատրիարքութիւնը համաձայնագիր մը ստորագրած է թրքական եւ յունական ներդրումային ընկերութիւններու հետ՝ հոյակապ կառոյցը վերանորոգելու եւ բարձրակարգ պանդոկի վերածելու համար։

Ուշագրաւ է, որ այս հսկայական փայտաշէն կառոյցը, որ կը նկատուի Եւրոպայի մեծագոյնը եւ Պոլսոյ յունական ներկայութեան գլխաւոր խորհրդանիշերէն մէկը, կը գտնուի Փրինքիփօ (Prinkipo) կղզիին մէջ. յունարէն իր այս անուանումով ծանօթ կղզին ներկայիս կը կոչուի Մեծ կղզի (Պիւյիւքատա) եւ մաս կը կազմէ Մարմարա ծովուն մէջ գտնուող Իշխանաց կղզիներուն։

Որբանոցին պատմութիւնը կ՚երկարի մինչեւ 19-րդ դարու աւարտը։ 1898 թուականին, ֆրանսացի-օսմանցի ճարտարապետ Ալեքսանտր Վալորիի կողմէ նախագծուած այս հինգյարկանի կառոյցը սկզբնապէս պէտք էր ծառայէր որպէս շքեղ պանդոկ՝ «Փրինքիփօ Փալաս» անունով։ Սակայն, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.- մերժած ըլլալով տրամադրել գործունէութեան արտօնագիր, անիկա մնաց անգործածելի։ 1903-ին շէնքը գնուեցաւ յոյն բարերարուհի Էլենի Զարիֆիի կողմէ եւ նուիրուեցաւ Պատրիարքութեան, որպէսզի ծառայէ իբրեւ որբանոց։ Շուրջ վեց տասնամեակ, 206 սենեակներով օժտուած այս հաստատութիւնը պատսպարեց հազարաւոր մանուկներ, մինչեւ որ 1964-ին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ անոր դռները փակուեցան։

Երկարամեայ դատական պայքարներէ ետք, 2010 թուականին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) վճռեց կառոյցի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնել Պատրիարքութեան։ Սակայն վերանորոգման ծախսերը արգելք հանդիսացան շէնքի փրկութեան. 2019-ին եւրոպական մասնագիտական կառոյցներու գնահատումով՝ նախագիծը առնուազն 40 միլիոն եւրօ պիտի արժէր եւ կրնար տեւել մինչեւ 5 տարի։

Նկատի ունենալով այս աստղաբաշխական ծախսերն ու կառոյցի փայտեայ բաժիններուն մէջ արդէն իսկ արձանագրուած լուրջ փլուզումները, Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոս Մայիսի վերջաւորութեան յայտարարած է շէնքը իր սկզբնական նպատակին վերադարձնելու եւ զայն պանդոկի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին։ Իսկ Յունիս 15-ին, Ֆանարի Մարասլիոս վարժարանին մէջ, Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ թրքական «Bilgili Holding» անշարժ գոյքի ընկերութեան եւ յունական «ENSOFI Holding» կայուն զբօսաշրջութեան ընկերութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ պաշտօնապէս կնքուած է վերակառուցման համաձայնագիրը։

Ըստ Պատրիարքութեան՝ այս համաձայնագիրը երկար տարիներու ջանքերու պտուղն է։ Անիկա ոչ միայն պիտի ապահովէ հարիւրամեայ կառոյցին մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանումը, այլեւ մեծապէս պիտի նպաստէ Իշխանաց կղզիներու տնտեսական եւ ընկերային զարգացման։