Դատարանը անվաւեր կը ճանչնայ ՀԱՕԿ-ի սեփականութեան իրաւունքը Ծաղկաձորի ճոպանուղիի հողամասին նկատմամբ

Ծաղկաձոր

Դատարանը անվաւեր ճանչցած է Ծաղկաձորի ճոպանուղիի տարածքին մէջ գտնուող՝ պետական սեփականութիւն հանդիսացող 225,1 հեկտար մակերեսով եւ 36 միլիառ 413 միլիոն 526 հազար դրամ (շուրջ 86 միլիոն եւրօ) արժողութեամբ հողամասին նկատմամբ ՀԱՕԿ-ի (Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէ) սեփականութեան իրաւունքի պետական արձանագրութիւնը։

Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան ներկայացուցած դիմումին ընդառաջած է Վարչական դատարանը։

Գործի նիւթերուն համաձայն՝ 29 Դեկտեմբեր 2005-ին, հիմք ընդունելով Կոտայքի մարզպետին որոշումն ու համապատասխան պայմանագիրը, Ծաղկաձորի ճոպանուղիի 225,1 հեկտար պետական հողամասը որպէս սեփականութիւն արձանագրուած է Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին (ՀԱՕԿ) անունով։ Իբրեւ իրաւական հիմք կիրարկուած էր «Հայաստանի Հանրապետութեան հողային օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքի 23-րդ յօդուածը։

Դատարանը հաստատած է, որ վիճարկուող հողամասը ՀԱՕԿ-ին յանձնուած է յիշեալ օրէնքին ի զօրու դառնալէն ետք։ Հետեւաբար, Կոմիտէն իրաւունք չունէր հողին նկատմամբ իր սեփականութեան իրաւունքը արձանագրելու նոյն օրէնքի 23-րդ յօդուածին հիման վրայ, որ նախատեսուած էր միայն օրէնքէն առաջ տրամադրուած հողերուն համար։ Այս հիմնաւորումով՝ ՀԱՕԿ-ի սեփականութեան իրաւունքը ապօրինի նկատուած է։

Դատական վճիռին վերջնականապէս ի զօրու դառնալէն ետք, Ծաղկաձորի 225,1 հեկտար տարածքով այս հողամասը պիտի վերադարձուի պետութեան՝ արձանագրուելով որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւն։

Միաժամանակ կը նշուի, որ ՀԱՕԿ-ը դատական վճիռին դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է։