Հայկական ֆութպոլի առասպել Հենրիխ Մխիթարեան կ՚այլցելէ «Փիւնիկ»
…ուրկէ սկսաւ ամէն ինչ՝ ներշնչելով նոր սերունդը
Հենրիխ Մխիթարեան այցելեց այն ակումբը, ուրկէ սկսած էր իր ասպարէզը՝ արժանանալով հայ պատանի երկրպագուներու ջերմ ընդունելութեան, որոնք կը վանկարկէին անոր անունը։ Ընկերակցութեամբ իր մօրն ու որդիին, ան իր ձեռքի եւ ոտքի հետքը ձգեց ակումբի «Փառքի ծառ»-ին տակ։ Օրը յատկանշուեցաւ նուէրով մը, հանգուցեալ հօր յիշատակին նուիրուած յարգանքի տուրքով եւ մանուկներուն հետ անցուցած ժամերով. մանուկներ, որոնք այժմ կ՚երազեն քալել նոյն այն ուղիով, որ Մխիթարեանը դարձուց հայկական ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն մարզիկը։
«Բարի վերադարձ տուն, Հենրի՛խ», գրած էր «Փիւնիկ» ակումբը՝ ողջունելով իր ակադեմիայի հանրածանօթ սանին վերադարձը։ Յունիս 19-ին Երեւանի «Փիւնիկ» մարզաբազային մէջ տեղի ունեցած միջոցառումին, ակումբի պատանեկան խումբերու ֆութպոլիստները հաւաքուած էին դիմաւորելու զայն։ Ողջունելով ներկաները՝ Մխիթարեան ակումբին նուիրեց Միլանոյի «Ինթեր»-ի իր մարզաշապիկը։
“Շնորհակալ եմ ակումբին, տնօրէնին, բոլոր ներկաներուն եւ այս մանուկներուն։ Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն հպարտ, ուրախ ու յուզուած եմ այստեղ գտնուելուս համար։ Միշտ ալ հաճելի է վերադառնալ հոն, ուրկէ սկսած է ամէն ինչ։ Այդ առիթով կ՚ուզեմ ակումբին նուիրել այս մարզաշապիկը, որուն վրայ գրուած է. «Ամէն ինչ սկսաւ Փիւնիկէն»”,– նշեց ան։
Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ անոր ասպարէզին նուիրուած կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, ուր արխիւային տեսանիւթերու ընդմէջէն ներկայացուեցան անոր ելոյթները տարբեր ակումբներու եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին կազմէն ներս՝ լուսարձակի տակ առնելով անոր անցած ճանապարհին հիմնական հանգրուանները։ Ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ բաց զրոյց, որուն ընթացքին Մխիթարեան պատանի մարզիկներուն հետ կիսեց իր փորձառութիւնը, յուշերն ու բարձրագոյն մակարդակի վրայ մրցելու գաղտնիքները։
Ձեռնարկին ընթացքին յարգուեցաւ նաեւ Հենրիխի հօր՝ հայկական ֆութպոլի ակնառու դէմքերէն Համլէթ Մխիթարեանի յիշատակը։ Որպէս յարձակող՝ ան 1980-ականներուն Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն խմբակին մէջ 46 կոլ նշանակած էր Երեւանի «Արարատ»-ի շապիկով, նախքան Ֆրանսա տեղափոխուիլը, ուր հանդէս եկաւ Բ. դասակարգի «ASOA Valence» կազմին մէջ, իսկ 1994-ին երկու անգամ կրեց Հայաստանի հաւաքականի մարզաշապիկը։ Անոր ասպարէզը ընդհատուեցաւ 1995-ին՝ ուղեղի ուռուցքի պատճառով, եւ ան մահացաւ յաջորդ տարին։ Մխիթարեան, «Փիւնիկ»-ի ներկայացուցիչներն ու բոլոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոր յիշատակը։
«Փիւնիկ»-ի ակադեմիայի սան Հենրիխ Մխիթարեան ներկայիս հանդէս կու գայ իտալական «Ինթեր»-ի կազմին մէջ որպէս միջնապահ եւ կը հանդիսանայ Հայաստանի ազգային հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն։ «Փիւնիկ»-էն ճամբայ ելլելով՝ ան խաղացած է Տոնեցքի «Մեթալուրկ» եւ «Շախտիոր», Տորթմունտի «Պորուսիա», «Մանչեսթըր Եունայթըտ», «Արսենալ», «Ռոմա» եւ «Ինթեր» ակումբներուն մէջ՝ դառնալով հայկական ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն տիտղոսակիր մարզիկը։ Ձեռնարկի աւարտին, հսկայական հերթ մը գոյացաւ՝ անոր ստորագրութիւնը ստանալու համար։
