Ելեկտրական ինքնաշարժներու անծանօթ պատմութիւնը

Ելեկտրական կառք

Հայաստանի փորձառութիւնը 1970-ականներուն

Շատեր կը կարծեն, թէ ելեկտրական ինքնաշարժները վերջերս յայտնուած յեղափոխութիւն մըն են, սակայն աւելի քան կէս դար առաջ, Հայաստանի մէջ ճարտարագէտները արդէն սկսած էին կառուցել զանոնք։ 1970-ական թուականներու սկիզբը, Երեւանի Բազմարուեստեան (Փոլիթեքնիք) հիմնարկին մէջ հիմնուեցաւ ելեկտրական ինքնաշարժներու յատուկ գիտափորձարան մը։ Ըստ ճարտարագէտ Վարդան Պետրոսեանի, որ հոն աշխատած է աւելի քան տասնամեակ մը, այն ատեն աշխարհի մէջ նմանատիպ շատ քիչ կեդրոններ գոյութիւն ունէին։

Այս կեդրոնին կարեւորութիւնը կը տարածուէր Հայաստանի սահմաններէն շատ աւելի հեռու։ Անիկա կը գանձատրուէր Մոսկուայի կողմէ, կը գրաւէր Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գանատայի ուշադրութիւնը, եւ նոյնիսկ 1979-ին Աղուերանի մէջ հիւրընկալեց ելեկտրական ինքնաշարժներու միջազգային համագումար մը։ Այստեղ խումբը «ԵրԱԶ» (Եր – Երեւանի Ա – Աւտոմոբիլային [ինքնաշարժներու] Զ – Զաւոտ [ռուսերէն «Завод»՝ գործատուն]) մակնիշի փոքր բեռնատարները կը վերածէր ելեկտրական ինքնաշարժներու. անոնցմէ երկուքը ամբողջութեամբ ելեկտրական էին, իսկ երրորդը կը համատեղէր ելեկտրական մարտկոցը սովորական շարժիչի մը հետ (hybride)։

Ապա կարգը հասաւ իսկական մարտահրաւէրին՝ փորձարկումներուն։ Ինքնաշարժները շրջեցան Երեւանի, Էջմիածնի եւ Սեւանի մէջ, հասնելով մինչեւ Սեւ ծովու ափին գտնուող Փիցունտա քաղաքը։ Ճարտարագէտները կ՚ուզէին հասկնալ, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը գործեն տարբեր բարձրութիւններու եւ կլիմայական պայմաններու տակ։ Մարդիկ կանգ կ՚առնէին ու զարմանքով կը դիտէին. առանց ձայն հանելու ընթացող ինքնաշարժը երեւոյթ մըն էր, որ շատեր երբեք չէին տեսած։ Անշուշտ, բոլոր փորձարկումները կատարեալ չէին ընթանար։ Պետրոսեան կը յիշէ պահեր, երբ արգելակները կը խափանուէին, եւ խումբը ստիպուած կ՚ըլլար զգուշացնելու միւս վարորդները, որ ճամբայ բանան։

Այսուհանդերձ, ծրագիրը տուաւ արժէքաւոր արդիւնքներ։ Գիտափորձարանի ուսումնասիրութիւնները նպաստեցին ոչ միայն փոխադրամիջոցներու ոլորտին, այլեւ այնպիսի բնագաւառներու, ինչպէս՝ կիսահաղորդիչներու (semiconductors) արտադրութիւնն ու տիեզերական արհեստագիտութիւնը։ Ապա վրայ հասան 1990-ական թուականները։ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ, գանձատրումը դադրեցաւ, եւ գիտափորձարանը, դժբախտաբար, փակուեցաւ։

Այսօր կը մնան միայն լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ յուշեր։ Նոյնիսկ ծրագրին վրայ աշխատած ճարտարագէտները չեն գիտեր, թէ ի՛նչ եղան այդ փորձնական ինքնաշարժները։ 

Այս պատմութիւնը, սակայն, վառ ապացոյց մըն է, որ Հայաստանի մէջ ապագան կը կերտուէր շատ աւելի առաջ, երբ ելեկտրական ինքնաշարժները տակաւին համատարած իրականութիւն չէին դարձած։