Անվաւեր ճանչցուած է «Շանգրի Լա» խաղատան արտօնագիրը
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն «ՕՆԻՐԱ ՔԼԱՊ» ընկերութեան պատկանող «Շանգրի Լա» խաղատան գործունէութեան արտօնագիրը անվաւեր ճանչցուած է։
Այս մասին նախարար Պապոյեան գրառում կատարած է «Դիմագիրք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ։
Նախարարի հրամանագրին մէջ կը նշուի, որ ընկերութեան կողմէ 2026 Մարտ ամսուան համար վերահսկող մարմինին ներկայացուած ելեւմտական հոսքերու հաշուետւութեան տուեալներուն եւ ստուգման ծիրէն ներս ձեռք բերուած խաղային սարքերու հաշուիչներու ցուցանիշներուն միջեւ յայտնաբերուած են անհամապատասխանութիւններ, որոնք որակուած են խեղաթիւրուած եւ կեղծ տուեալներ։
Հրապարակուած հրամանագիրը կրնայ բողոքարկուիլ վարչական կարգով՝ անոր ի զօրու դառնալէն ետք երկամսեայ պայմանաժամի ընթացքին, կամ ալ Հայաստանի Վարչական դատարանին մէջ՝ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած կարգով։
Յիշեցնենք, որ «Շանգրի Լա» խաղատունը կը պատկանի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին։
