«Յառաջ» կեդրոն, Երեւան – «Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբ
Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղ» վէպը
Առաջին քննարկում
Շաբաթ, Յունիս 20-ի երեկոյեան, «Յառաջ» կեդրոնին մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ «Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբին։ Առաջին քննարկումը նուիրուած էր՝ «Մարմարա» թերթի ողբացեալ խմբագրապետ, հրապարակագիր Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղ» վէպին:
Քննարկումին ներկայ էր 16 հոգի՝ Սփիւռքի տարբեր ծագերէն՝ ԱՄՆ-էն, Փարիզէն, Պոլիսէն, Հալէպէն, Քեսապէն, Պէյրութէն, Արցախէն…, Հայաստան գտնուողներ եւ հայրենաբնակներ, իսկ եթէ աւելի խորանանք՝ Անճարէն, Ճիպինէն, Ուրֆայէն, Պիրէճիկէն…: Հաճելի էր լսել նախ բոլորին հայերէնի երանգները, ապա արծարծուած միտքերը Հատտէճեանի գրականութեան, մամուլին, Պոլսոյ կեանքին, Սփիւռքին, հայրենիքին եւ բազմաթիւ այլ նիւթերու շուրջ: Այո՛, նիւթը ծաւալեցաւ եւ ընդգրկեց ամբողջ հայութիւնը, չէ՞ որ «Առաստաղ»-ը մե՛նք ենք:

Նախաձեռնութիւնը ակադեմական մակարդակի ուշադրութեան արժանացած էր: Քննարկումը կը ղեկավարէր Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս պրն Յակոբ Չոլաքեանը, ներկայ էին նաեւ Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնի պատասխանատու՝ Քնարիկ Աբրահամեանը եւ հայ նորագոյն գրականութեան ամբիոնի մասնագէտ՝ Վեհանոյշ Մուրատեանը: Ներկայ էին արցախցի գրականագէտ Մանուշ Բալայեանը եւս,– ան Մանկավարժական համալսարանէն շրջանաւարտ եղած է, պաշտպանելով՝ Հատտէճեանի գրականութեան մասին իր աւարտաճառը,– եւ Հայարփի Խաչատրեանը, որ այժմ տնօրէնուհին է «Նանսէն» հիմնարկ-հիմնադրամի:
Զրոյցը ընթացաւ մերթ Հատտէճեանի կեանքին, մերթ գործունէութեան, մերթ «Առաստաղ»-ի ոճին, արժէքին, ընկալման, հոգեբանական ելեւէջներուն… շուրջ քննարկումներով, զրոյցներով: Անդրադարձ կատարուեցաւ վէպին կարճ նախադասութիւններով յագեցած ըլլալուն, որուն պատճառը, ըստ քննարկումին՝ հեղինակին խմբագիր ըլլալու հանգամանգէն կու գայ եւ նաե՛ւ ընթերցողին առիթ տալու մտահոգութենէն, որ պահ մը կանգնի եւ ընկալէ հոգեկան ելեւէջները, հասկնայ անանուն հերոսին հոգեբանութիւնը:
Անդրադառնալով վէպին աւարտին՝ ըսուեցաւ, որ այնպիսի անակնկալ աւարտ մը ունի, կարծէք հոն է որ սկիզբ կ՚առնէ վէպը շարունակուելու «Առաստաղէն անդին»-ին մէջ, ուր բոլորովին այլ միջավայր է: Գաւառէն Պոլիս, Պոլիսէն Գանատա, երեք միջավայրեր, որոնք կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր սփիւռքահայու պատմութիւնը՝ գաւառէն Սփիւռք ճանապարհը:
Երեկոյթը կը վարէր գրականագէտ, լեզուաբան, բանասէր, հնագէտ պրն Յակոբ Չոլաքեանը. ան անդրադարձաւ Հատտէճեանի մամլոյ ներդրումին, թէ ինչպէ՞ս «Մարմարա»-ն կը հասնէր Հալէպ եւ ինք կ՚օգտագործէր Հատտէճեանի ակնարկները, երբեմն դասերու ընթացքին ընթերցելով զանոնք եւ քաջալերելով աշակերտները գրելու: Ապա աւելցուց, թէ պէտք չէ այս վէպին մէջ փնտռել նախաբան, բախում եւ վերջաբան, ինչպէս կ՚ըլլան բոլոր վէպերուն մէջ. այս վէպը տեղի կ’ունենայ մէկ վայրի մէջ, աւելի հոգեբանական է, պէտք է ուշադիր կարդալ եւ մտնել հեղինակի հոգիին խորքը, հասկնալու համար ամէն ըսուածն ու գրուածը:
Քննարկման ընթացքին պրն Չոլաքեան անդրադարձաւ հայութեան մօտ վէպի ժանրին կատարելագործման մա՛նաւանդ ֆրանսահայ գրականութեան մէջ, որուն բաղդատած՝ ամերիկահայ գրականութեան մէջ աւելի կը գերիշխեն կարճ պատմուածքները, քան վէպերը:
Երեկոյթը աւարտեցաւ պոլսահայ գրականութեան մասին անդրադարձով, թէ Խրախունի, Իգնա Սարըասլան, Հատտէճեան եւ այլք ոչ միայն իրենց գրականութեամբ անդրադարձած են եղեռնին, ժամանակակից Պոլսոյ հարցերուն, այլ նաեւ ապրեցուցած են զայն բիւրեղ արեւմտահայերէնով եւ հող պատրաստած գալիք սերունդներուն: Պոլսահայ գրականութիւնը կ’ապրի եւ կան ժամանակակից խոստմնալից գրողներ:
«Յառաջ» կեդրոն — Երեւան
«Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբ
–– երկու խօսք ––
Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնի մեկնարկած «Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբ նախաձեռնութեան նպատակը հանրութեան մէջ արեւմտահայերէն վէպերու ընթերցումը քաջալերելն է։
Անդամակցութեան միակ ու հիմնական պայմանը՝ նախքան քննարկումի օրը, մասնակիցին՝ ընտրուած վէպը ընթերցած ըլլալն է։ Ակումբը բաց է անխտիր բոլոր ընթերցասէրներուն, ըլլա՛յ արեւելահայ կամ արեւմտահայ, ըլլա՛յ հայաստանցի կամ սփիւռքահայ։ Մասնակիցները կու գան ակումբ ոչ թէ այսի՛նչ կամ այնի՛նչ բանախօսի կողմէ արտասանուած դասախօսութիւն լսելու, այլ՝ վէպի ընթերցումէն ստացած տպաւորութիւնները փոխանակելու, գրականութեան շուրջ բազմակողմանի ու հաճելի զրոյց ունենալու։ Հանդիպումը ունի նաեւ իր նիստավարը, որ կ՚ապահովէ բոլորին համերաշխ մասնակցութիւնը եւ քննարկումը կը դարձնէ աւելի ճոխ ու ամբողջական։
Վէպի ընտրութիւնը կը կատարէ վիպասէրներու կորիզ մը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■
