Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն Յուլիսի սկիզբը նախ պիտի այցելէ Պաքու, ապա՝ Երեւան

Ուրսուլա

PM meets the President of the European Council, Mr. António Luís Santos da Costa and the President of the European Commission, Ms. Ursula von der Leyen at Hyderabad House, in New Delhi on January 27, 2026.

Եւրոպա­կան յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Ուրսու­լա ֆոն տէր Լա­յէն Յու­լիս 1-ին պի­տի մեկ­նի Պա­քու, իսկ Յու­լիս 2-3-ին՝ Երե­ւան։

Նա­խապէս, «Politico» պար­բե­րակա­նը յայտնած էր, որ պա­տուի­րակու­թեան կազ­մին մէջ պի­տի ըլ­լայ նաեւ Եւ­րո­պական Միու­թեան ընդլայնման հար­ցե­րու յանձնա­կատար Մար­թա Քո­սը։

“Մենք կը տես­նենք, որ եր­կի­րը կը գտնուի Ռու­սաստա­նի կող­մէ բա­նեցուող ուժգին եւ հե­տեւո­ղական ճնշու­մի տակ. այս այ­ցե­լու­թիւնը աջակ­ցութեան զօ­րաւոր ազ­դանշան մը պի­տի հան­դի­սանայ՝ ի շա­րու­նա­կու­թիւն ար­դէն իսկ տրա­մադ­րուած գործնա­կան աջակ­ցութեան”,– «Politico»-ին յայտնած էր Եւ­րո­պական Միու­թեան պաշ­տօ­նատար մը, որ փա­փաքած էր գաղտնի պա­հել ինքնու­թիւնը։

Յի­շեց­նենք, որ վեր­ջերս Եւ­րո­պական Միու­թիւնը Հա­յաս­տա­նին 34 մի­լիոն եւ­րօ յատ­կա­ցուց՝ ռու­սա­կան սահ­մա­նափա­կումնե­րէն տու­ժած սե­փական հա­տուա­ծին աջակ­ցե­լու նպա­տակով։

Ուրսու­լա ֆոն տէր Լա­յէն ար­դէն Հա­յաս­տան ժա­մանած էր Մա­յիսին՝ մաս­նակցե­լու Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի 8-րդ վե­հաժողովին։ ■