Հալէպի «Գանձասար»-էն կը տեղեկանանք, որ Յունուար 7-ին՝ Մեռելոցի օրը ապահովութեան համար թելադրուած է տուներէն դուրս չելլել եւ ննջեցեալներուն աղօթքները ընել տուներուն մէջ:

Նշենք, որ Դեկտեմբերին Հալէպի քրտական շրջաններէն, որոնք յարակից են հայկական թաղամասերուն, կրակոցներ եւ հրետանային պայթումներ կիրարկուած էին: Բախումը քրտական խմբաւորման եւ կառավարութեան միջեւ էր, որմէ ետք կառավարութեան հետ համաձայնութեան եկան քրտական խմբաւորումներու ղեկավարները եւ խաղաղութիւնը վերականգնեցաւ շրջանին մէջ:

Յունուար 6-ին՝ Ս. Ծնունդի օրով, դարձեալ սկսած են բախումները, բարեբախտաբար եկեղեցական արարողակարգէն ետք: Նահանգապետը հրահանգած է փակ պահել դպրոցներն ու կառավարական հաստատութիւնները եւ յորդորած է ժողովուրդին հեռու մնալ քրտական շրջաններէն: Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ:

Սուրիոյ անցումային կառավարութեան զօրքերուն եւ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» քրտական ջոկատներուն միջեւ այս բախումներուն հետեւանքով հալէպահայերու տուներէն մի քանին վնասուած են։

***

Խաղաղ բնակիչները զանգուածաբար կը լքեն Հալէպի քրտական թաղամասերը։

***

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը տրամադրուած է այն հայերուն, որոնք մնացած են անապաստան։

Արդէն 17 մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ

Սուրիոյ իշխանութիւնը կը պահանջէ քիւրտ զինեալներու մեկնումը Հալէպէն

Սուրիոյ իշխանութիւնը Չորեքշաբթի օր պահանջած է քիւրտ զինեալներուն մեկնումը Հալէպի հիւսիսը իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող երկու թաղամասերէն, որոնք շրջափակուած են կառավարական ուժերուն կողմէ եւ ուրկէ հազարաւոր բնակիչներ փախուստ տուած են։

Ըստ Սուրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան, Երեքշաբթի օր իսլամապաշտ իշխանութիւններուն եւ քիւրտերուն միջեւ բռնկած կռիւները պատճառած են 17 զոհ՝ 16 քաղաքային եւ մէկ զինուորական։ Կան նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ։

Ասոնք տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ երկու կողմերը կը դժուարանան գործադրել Մարտին կնքուած համաձայնագիրը, որ կը միտէր քրտական ինքնավար վարչակազմի հաստատութիւնները ընդգրկել Սուրիոյ նոր պետութեան կազմին մէջ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ, իր բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի միջոցաւ, կողմերուն կոչ ուղղած է ցուցաբերելու «զսպուածութիւն» եւ «արագօրէն վերսկսելու բանակցութիւնները»՝ Մարտի համաձայնագիրը կեանքի կոչելու համար։

Սուրիական բանակը Չորեքշաբթի, Յունուար 7-ի յետմիջօրէին հրետակոծած է Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերը, զանոնք ժամը 15-էն սկսեալ «ռազմական գօտի» յայտարարելէ ետք։

Երեկոյեան հարուածներուն ուժգնութիւնը նուազած է, սակայն հրասայլեր եւ զինուորականներ տեղակայուած են երկու թաղամասերուն շուրջ։