37-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան մինչեւ 2027 երկարաձգեց «Ինթեր»-ի հետ իր պայմանագրութիւնը
Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին աւագ եւ պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու 37-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան առնուազն մէկ տարեշրջան եւս պիտի խաղայ իտալական «Ինթեր Միլան»-ի կազմին մէջ։ Իտալիոյ ախոյեան ակումբը Երեքշաբթի յայտարարեց, որ հայ միջնապահը մինչեւ 2027 Յունիս 30 երկարաձգած է իր պայմանագրութիւնը։
Հակառակ անոր որ պայմանագրութեան ժամկէտը կ՚աւարտէր եւ ան կրնար հանգստեան կոչուիլ, Մխիթարեան նախընտրած է շարունակել իր ասպարէզը։ Ըստ իտալական մամուլին, նոր համաձայնագրով անոր աշխատավարձը զգալիօրէն նուազած է՝ նախկին 3,8 միլիոնի փոխարէն հասնելով տարեկան մօտաւորապէս 2 միլիոն եւրոյի (գումարած յաւելավճարներ)։
«Ինթեր» իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ բարձր գնահատած է հայ միջնապահին փորձառութիւնը, առաջնորդի յատկանիշերը, յաղթական հոգեբանութիւնն ու մարտավարական բացառիկ խելացութիւնը։ Ան միակն է ակումբի տարեց այն հինգ մարզիկներէն, որուն պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ. միւսները՝ Եան Սոմըրը, Ֆրանչեսքօ Աչերպին, Մաթէօ Տարմիանն ու Սթեֆան տը Վրիճը հեռացան ակումբէն։ Այս քայլը կը նկատուի նոր գլխաւոր մարզիչ Քրիսթիան Քիվուի ռազմավարական որոշումը, որ վեթերան մարզիկը կարեւոր կը նկատէ ակումբի ապագայ վերակառուցման ծրագրերուն մէջ։
2022-ի ամռան «Ռոմա»-էն տեղափոխուելէն ի վեր, Մխիթարեան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է խումբի յաջողութիւններուն մէջ։ Չորս տարեշրջանի ընթացքին ան 187 մրցումի մասնակցելով՝ նշանակած է 12 կոլ եւ կատարած 21 կոլային փոխանցում։ Ան «Ինթեր»-ի հետ նուաճած է Իտալիոյ երկու ախոյեանութիւն (Scudetto), երկու բաժակ եւ երկու գերբաժակ, ինչպէս նաեւ հասած է «Ախոյեաններու լիկա»-ի երկու աւարտականներու։ Անոր կարեւորագոյն իրագործումներէն էին 2023-ի Միլանոյի տերպիին նշանակած զոյգ կոլերը, եւ վերջին՝ 2025-26 տարեշրջանին ախոյեանութիւնը ապահովող վճռորոշ հարուածները։
Այս երկարաձգումը թոյլ կու տայ պահպանել խումբին կայունութիւնը, իսկ Մխիթարեան՝ սկսելով իր հինգերորդ տարեշրջանը, պիտի շարունակէ օգնել միլանեան հսկային՝ նորանոր տիտղոսներ նուաճելու ճամբուն վրայ։
