Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն 112-ամեայ Մերի Վարդանեան կնքած է իր մահկանացուն
Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն Մերի Վարդանեան մահացած է 112 տարեկանին: Այս մասին շաբաթավերջին Դիմագիրքի (Facebook) իր էջին վրայ յայտնած է անոր թոռնուհին՝ Նաթալի Վարդանեանը:
Ծնեալ Մերի Ուզկուշեան՝ 1914 Օգոստոս 17-ին, պատմական Կիլիկիոյ Այնթապ քաղաքին մէջ, ան լոյս աշխարհ եկած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճիշդ առաջ: Անոր ընտանիքը փրկուած է տեղահանութենէ՝ հօրենական ազգական դոկտ. Կարապետ Եսայեանի աջակցութեան շնորհիւ, որուն օգնութեամբ ընտանիքը 1920-ականներու սկիզբը կրցած է ապաստանիլ Հալէպ՝ ետին ձգելով իրենց տունն ու ամբողջ ունեցուածքը:
Հալէպի մէջ ան սորված է հիւսել ու կարել, ինչպէս նաեւ այնթապեան գորգեր գործել, ինչ որ հետագային օգնած է իր ապրուստը ապահովելու։ Տասնամեակներ ետք, անոր ձեռագործերէն նմուշներ ցուցադրուեցան Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանին մէջ։
1935-ին ան ամուսնացած է հայրենակից, ջութակահար եւ երգահան Յովհաննէս Վարդանեանի հետ, բախտաւորուած են չորս մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով։ 1965-ին ընտանիքը փոխադրուած է Պէյրութ, իսկ ամուսնոյն մահէն (1969) ետք, Մերի հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէց) քաղաքը, ուր ապրած է 45 տարի:
Միացեալ Նահանգներու մէջ ան եղած է Ուոթըրթաունի Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան աշխուժ անդամ եւ 1997-ին արժանացած՝ միութեան «Տարուան մայրը» կոչումին: Մինչեւ խոր ծերութիւն աշխուժ մնալով (ինքնուրոյն ապրած է մինչեւ 101 տարեկան, 90 տարեկանին ճամբորդած է Եւրոպա, իսկ 100 տարեկանին՝ Պէյրութ)՝ ան յաճախ կը կրկնէր, որ իր երկարակեցութեան գաղտնիքը քրտնաջան աշխատանքն ու ամէնօրեայ աղօթքն է, իսկ իր գլխաւոր պատգամն էր՝ բնաւ չմոռնալ Ապրիլ 24-ը: Նշենք, որ 2024 Ապրիլին ան մեծարուած էր Մասաչուսէցի նահանգային խորհրդարանին մէջ՝ յոտնկայս ծափողջոյններու արժանանալով ներկաներուն կողմէ։
Մինչ ան իր ետին կը ձգէ համայն սփիւռքի տարածքին ցրուած մեծաթիւ զաւակներ, թոռներ ու ծոռներ, որպէս իր տոհմի յարատեւում, անոր մահով կը փակուի այդ արհաւիրքի վկան հանդիսացած սերունդի պատմութեան վերջին էջերէն մէկը։
