Էրտողան՝ Իսրայէլին. «Կարեւորութիւն չենք ընծայեր մարդասպանական ցանցին կողմէ հնչող զրպարտութեան»

Էրտողան

“Թուրքիոյ դէմ զրպարտութեամբ՝ Իսրայէլ կը փորձէ քօղարկել Կազայի մէջ գործադրուող բարբարոսութիւնը”,– յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ նախաձեռնուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գործընթացին։

“Կարեւորութիւն չենք ընծայեր մեր երկրի հասցէին յղուող զրպարտութեան՝ այն մարդասպանական ցանցին կողմէ, որուն ձեռքերուն վրայ կայ Կազայի մէջ 75 հազար անմեղ մարդոց՝ մեծամասնութեամբ կիներու եւ երեխաներու արիւն”,– ըսած է Էրտողան։

Ան նաեւ յայտարարած է. “Մեր հազարամեայ փառապանծ պատմութեան մէջ գոյութիւն չունին ցեղասպանութիւն, ջարդ, չարչարանք։  Կայ միայն արդարութիւն եւ գթասրտութիւն։ Կայ բոլոր ճնշուածներուն օգնութեան ձեռք մեկնել՝ անկախ անոնց կրօնքէն, ծագումէն ու ինքնութենէն։ Կայ Հաւատաքննութենէն եւ նացիական բռնաճնշումներէն փախչողներուն տէր կանգնելու առաքինութիւնը”։