Ըստ «The New York Times» -ի՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի կորուստները գերազանցած են 2 միլիոնը

ռուս-ուքրանական

Պատերազմի ընթացքին Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի զոհերուն ու վիրաւորներուն ընդհանուր թիւը գերազանցած է 2 միլիոնը, կը հաղորդէ «The New York Times»-ը՝ յղում կատարելով ամերիկեան Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) տուեալներուն։

Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի կորուստները կը գնահատուին մօտաւորապէս 1,4 միլիոն հոգի, իսկ Ուքրաինայի կորուստները՝ 525.000-էն 625.000 հոգի։

Հետազօտութեան հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ մեծ կորուստներուն զուգահեռ, Ռուսաստան կը բախի նաեւ այլ խնդիրի մը. մասնաւորապէս՝ դանդաղած է ռուսական զօրքերու յառաջխաղացքը։ Մինչդեռ ուքրանական յարձակումները, ներառեալ անօդաչու սարքերով գործուածները, մարտական գործողութիւնները կը տեղափոխեն Ռուսաստանի տարածք։

«The New York Times» կը հաղորդէ, որ 2026-ին Ռուսաստան ամսական կը կորսնցնէ 30.000-էն 34.000 զինուոր, ինչ որ արդէն իսկ կը գերազանցէ պայմանագրային նոր զինուորներու հաւաքագրման թափը։ Աւելին, գարնան, 2024-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, ռուսական բանակը սկսած է առաւելաբար տարածք կորսնցնել, քան գրաւել։

Թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Քիեւը պաշտօնապէս չեն հրապարակեր իրենց զոհերուն մասին տեղեկութիւնները, այլ կը նախընտրեն կեդրոնանալ թշնամիին կորուստներուն վրայ։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին անգամ զոհերու թիւին մասին հաղորդած էր մասնակի զօրահաւաքի յայտարման օրը՝ 2022 Սեպտեմբեր 21-ին։

Ռուսաստան սկսած է պենզին ներածել Հնդկաստանէն

Ռուսաստան սկսած է ծովային ճամբով պենզին ներածել Հնդկաստանէն, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով երկու աղբիւրներու։

Վերջին շաբաթներուն, ռուսական ուժանիւթի ենթակառոյցներուն վրայ ուքրանական յարձակումներուն հետեւանքով՝ երկրին մէջ վառելանիւթի սուր տագնապ յառաջացած է, ինչ որ պատճառ դարձած է պենզինի կայարաններուն առջեւ երկար հերթերու գոյացման եւ գիներու աննախադէպ աճի։

Քրեմլին Յունիս 1-ին հաստատած էր, որ Մոսկուա կը բանակցի այլ երկիրներու հետ՝ պենզին ներածելու հարցով, առանց սակայն յստակացնելու, թէ ո՛ր երկիրներուն մասին է խօսքը։

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ին, Հնդկաստանէն Ռուսաստան ուղարկուած է նաւթատար երկու նաւ, իւրաքանչիւրը՝ 30 հազարէն 40 հազար թոն վառելանիւթով:

Անցեալ Կիրակի նախագահ Վլատիմիր Փութին խոստովանած էր, որ նաւթազտարաններուն վրայ ուքրանական անօդաչու սարքերու հարուածները որոշ շրջաններու մէջ վառելանիւթի պակաս յառաջացուցած են՝ միաժամանակ վստահեցնելով, թէ իշխանութիւնները «կը զբաղին այդ հարցով»։