Տանըլտ Թրամփ՝ ՖԻՖԱ-ի նոր գլխաւոր իրաւարա՞րը

Թրամփ-2

Նախագահական զանգով փոշիացած կարմիր քարտը

Եթէ մինչեւ օրս կը կարծէիք, թէ աշխարհի վրայ մնացած էր գէթ մէկ ոլորտ՝ ի մասնաւորի ֆութպոլը, որուն Տանըլտ Թրամփ դեռ չէր միջամտած, ահա՛ւասիկ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը անձամբ հաստատած է, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինոյի հետ: Պատճա՞ռը. բարձրագոյն մակարդակով միջամտել ամերիկացի յարձակող Ֆոլարին Պալոկունի ստացած կարմիր քարտին եւ վերանայիլ տալ զայն։ “Ես պարզապէս խնդրեցի վերանայիլ այդ որոշումը, որովհետեւ չեմ կարծեր, թէ ան (ֆութպոլիստը) խախտում կատարած է”,– արդարացած է Թրամփ՝ կարծէք ֆութպոլի մեծ մասնագէտ մը եւ աշխարհի գլխաւոր իրաւարարը ըլլար։

Յիշեցնենք, որ 24-ամեայ յարձակողը Պոսնիա-Հերցեկովինայի դէմ խաղին ընթացքին կարմիր քարտ ստացած էր պոսնիացի պաշտպան Թարիք Մուհամերովիչի ոտքին հասցուցած կոպիտ հարուածին համար, ինչ որ կ՚ենթադրէր առնուազն մէկ խաղ կախակայում։ Բայց արի ու տես, որ նախագահական հեռաձայնէն ետք անսպասելի հրաշքներ կը պատահին. ՖԻՖԱ-ի Կարգապահական կոմիտէն Պելճիքայի դէմ ճակատագրական մրցումէն ճիշդ մէկ օր առաջ յանկարծ որոշեց մէկ խաղի որակազրկումը հեզասահօրէն փոխարինել պարզապէս մէկ տարուան «փորձաշրջանով»։ Լրասփիւռներն ալ, անշուշտ, անմիջապէս այս «մեղմացումը» վերագրեցին Թրամփի հեռաձայնային հնարքներուն։

Ինչպէս ակնկալելի էր, ֆութպոլային շարք մը կազմակերպութիւններ, գլխաւորութեամբ եւրոպական ֆութպոլի ղեկավար մարմին ԻՒԷՖԱ-ին, բուռն կերպով դատապարտեցին ՖԻՖԱ-ի այս հլու-հնազանդ քայլը՝ շեշտելով, որ անիկա խստօրէն կը ստուերէ թէ՛ կազմակերպութեան, եւ թէ՛ ֆութպոլի Համաշխարհային բաժակին հեղինակութիւնը։ Եւ միայն Պելճիքան չէ, այլ համայն ֆութպոլասէրներու աշխարհը կրակ կը ժայթքէ ի տես այս կարգադրութեան։

Այս բոլորէն ետք, ԱՄՆ-ու հաւաքականը՝ ներառեալ Թրամփի շնորհիւ խաղադաշտ վերադարձած Ֆոլարին Պալոկունը, Յուլիս 8-ի առաջին  ժամերուն պիտի ճակատի Պելճիքայի դէմ։ Կը մնայ յուսալ, որ այս անգամ Սպիտակ տունէն կանոնները փոխելու կամ նոր քարտեր բաժնելու այլ զանգեր չեն հնչեր: