Փաշինեանը՝ Միշուսթինին. Երեւանը յանձնառու է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ կ՚ուզէ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ

Փաշինեան-Միշուսթին

Հայաստանը յանձնառու է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ կ՚ուզէ մնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին մէջ: Այս մասին այսօր յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Եքաթերինպուրկի մէջ՝ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին։

“Այսօրուան հանդիպումը լաւ առիթ է քննարկելու մեր յարաբերութիւններու բովանդակ շրջանակը, իսկ ընտրութիւններէն ետք՝ լաւ առիթ է կարծիքներ փոխանակելու համար”,– նշած է Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ թէ՛ ընտրութիւններէն առաջ, թէ՛ ալ անկէ ետք Հայաստանը հաստատակամօրէն յանձնառու է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ հետաքրքրուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան իր մասնակցութեամբ։

Միշուսթին իր կարգին յայտարարած է, թէ Մոսկուան յոյս ունի, որ ընտրութիւններէն ետք ձեւաւորուած Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պիտի ապահովէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը «բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան ոգիով»։ Ան նաեւ կարեւոր համարած է, որ հայկական կողմը շարունակէ յարմարաւէտ միջավայր ստեղծել ռուս ներդրողներուն համար՝ երաշխաւորելով անոնց իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն յարգումը։

Յատկանշական է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն գրեթէ ամիս մը ետք՝ մինչեւ օրս, ռուսական կողմը դեռ չէ շնորհաւորած Նիկոլ Փաշինեանը։ Այսօրուան հանդիպման հրապարակային բաժինին մէջ եւս այդ մասին որեւէ ակնարկ չէ կատարուած։

Ըստ ռուսական աղբիւրներու, բանակցութիւններուն ռուսական կողմէն կը մասնակցին փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի ղեկավար Սերկէյ Տանքվերթ, «Ռոսաթոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Լիխաչով, «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու ղեկավար Օլեկ Պելոզիորով, «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ի ղեկավար Աննա Փոփովա, Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին, ինչպէս նաեւ Ելեւմուտքի, Փոխադրամիջոցներու, Տնտեսական զարգացման, Ուժանիւթի եւ Առեւտուրի փոխնախարարները։ Ինչ կը վերաբերի հայկական պատուիրակութեան, անոր մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի ղեկավարը, Արտաքին գործոց եւ Տարածքային կառավարման փոխնախարարներն ու Մեծամօրի հիւլէակայանի տնօրէնը։

Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը շեշտէ, որ Ռուսաստանն է այն առաջին երկիրը, ուր Փաշինեան մեկնած է աշխատանքային այցելութեամբ՝ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, եթէ նկատի չունենանք Իրանը, ուր Հայաստանի վարչապետը մեկնած էր մասնակցելու Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի վերջին յարգանքի տուրքի արարողութիւններուն։