Նախագահ Մաքրոնի պաշտօնական այցելութիւնը Դամասկոս

Շարաա-Մաքրոն

«Եկայ վերահաստատելու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ սուրիացի ժողովուրդի կողքին կանգնելու»

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն՝ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար դէպի Անգարա իր ճամբուն վրայ,  Երկուշաբթի, Յուլիս 7-ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Սուրիա։ Դամասկոսի Ժողովուրդի պալատին մէջ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ աշ-Շարաայի հետ հանդիպումը կը հանդիսանար 2009-էն ի վեր Ֆրանսայի ղեկավարի մը առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Սուրիա՝ ազդարարելով Փարիզի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն մէջ նոր եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հաւասարակշռուած գործընկերութեան հանգրուան մը:

Ֆրանսական կողմը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ տնտեսական կապերու վերականգնման ու զարգացման: Այս նպատակով, նախագահ Մաքրոնին կ՚ընկերակցէին ֆրանսացի ներդրողներէ եւ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ընդարձակ պատուիրակութիւն մը: Բանակցութիւններու առանցքը կազմած են զանազան մարզերէ ներս երկկողմանի գործակցութեան ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները:

Դամասկոս ժամանելուն պէս, նախագահ Մաքրոն «X» հարթակին վրայ կատարած գրառումով վերահաստատած է Ֆրանսայի պաշտօնական կեցուածքը. «Եկայ վերահաստատելու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ սուրիացի ժողովուրդի կողքին կանգնելու, յանուն ինքնիշխան Սուրիոյ, որ միասնական է իր բազմազանութեամբ եւ խաղաղութիւն կը վայելէ իր դրացիներուն հետ»:

Մաքրոնի այս այցելութիւնը կը յաջորդէ Սուրիոյ նախագահին՝ 2025 Մայիսին Փարիզ կատարած այցելութեան, որ կայացած էր անձամբ Էմանիւէլ Մաքրոնի հրաւէրով:

Երկու պայթում՝ Մաքրոնի գիշերած պանդոկին մերձակայքը

Յուլիս 7-ին առնուազն երկու պայթում տեղի ունեցած է Դամասկոսի կեդրոնը՝ այն պանդոկին մերձակայքը, ուր կը գիշերէր Ֆրանսայի նախագահը։  Էմանիւէլ Մաքրոն որեւէ վնաս չէ կրած այս պայթումներէն, անոնք ոչ ալ ազդած են բանակցութիւններու բնականոն ընթացքին վրայ։