ՕԹԱՆ-էն Ուքրաինային 140 միլիառ եւրոյի օգնութիւն

Screenshot

Screenshot

ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները հաւանութիւն տուած են 2026 եւ 2027 թուականներուն Ուքրաինային 140 միլիառ եւրօ արժողութեամբ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու առաջարկին:

Յուլիս 8-ին ընդունուած միացեալ հռչակագրին մէջ կը նշուի, թէ Ուքրաինա կը նպաստէ անդրատլանտեան անվտանգութեան, եւ դաշնակիցները միասնական են Քիեւին ցուցաբերուող անսասան աջակցութեան հարցով: Յայտարարութիւնը կը մանրամասնէ, որ այս տարի դաշնակիցները կը խոստանան տրամադրել 70 միլիառ եւրոյի ռազմական սարքաւորումներ, օգնութիւն եւ ուսուցում, միեւնոյն ժամանակ վերահաստատելով 2027-ի աջակցութիւնը առնուազն նոյն մակարդակին վրայ պահելու իրենց յանձնառութիւնը:

Այս օգնութիւնը հիմնականին մէջ պիտի յատկացուի ՕԹԱՆ-ի եւրոպական անդամներուն եւ Գանատայի կողմէ, նկատի ունենալով, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին օրով Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով նուազեցուցած է Քիեւին տրամադրուող աջակցութիւնը: