Վերաքննիչ ատեանին վճիռէն ետք՝
Մարին Լը Փէն սկսած է իր նախագահական քարոզարշաւը
Ֆրանսայի Վերաքննիչ ատեանը Յուլիս 7-ի իր վճիռով թոյլ տուած է աջակողմեան ուժերու առաջնորդ Մարին Լը Փէնին առաջադրել իր թեկնածութիւնը Հանրապետութեան նախագահութեան։
Այս վճիռէն անմիջապէս ետք, Յուլիս 8-ի առաւօտեան Լը Փէն սկսած է իր քարոզարշաւը՝ յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ:
57-ամեայ ազգայնական գործիչը Յուլիս 7-ի ուշ գիշերին արդէն յայտարարած էր չորրորդ անգամ ըլլալով իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան մասին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի Վերաքննիչ ատեանը բեկանած է Առաջին ատեանի այն որոշումը, որ հինգ տարի կ՚արգիլէր Լը Փէնին վարել պետական պաշտօններ: Ատեանը, սակայն, ապացուցուած նկատած է, որ ան խարդախութեան դիմած է Եւրոպական Միութենէն ստացած միջոցները ծախսելու ատեն, ուստի զինք դատապարտած է երեք տարի պայմանական (յետաձգումով, avec sursis) ազատազրկման, որմէ մէկ տարին ան պէտք է անցընէ ոտքին ամրացուած յատուկ հսկիչ սարքով:
Լը Փէնի քարոզարշաւին սկիզբը տրուած է արեւմտեան Լա Ֆլէշ քաղաքին մէջ, ուր ազգայնական կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած էր վերջին տեղական ընտրութիւններուն: Լը Փէն յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի դիմել Վճռաբեկ ատեան՝ լիարժէք արդարացման պահանջով. “Ատեանը վերականգնեց իմ ընտրուելու իրաւունքս: Ես անմեղ եմ եւ պիտի դիմեմ Վճռաբեկ ատեան՝ անմեղութիւնս ապացուցելու համար”:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2027 Ապրիլ 18-ին:
