Թրամփ. «Պատերազմը դադրեցնելու մասին Իրանի հետ համաձայնագիրը այլեւս ի զօրու չէ»

Թրամփ-2

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընդառաջ յայտարարած է, որ Իրանի հետ 110-օրեայ պատերազմը դադրեցնելու նպատակով ստորագրուած առժամեայ հրադադարի համաձայնագիրը այլեւս ի զօրու չէ։ Թրամփ նշած է, որ Պարսից ծոցի ամերիկեան խարիսխներուն դէմ Իրանի նոր յարձակումներէն ետք, ինք այլեւս նպատակ չունի բանակցելու Թեհրանի հետ՝ այդ երկրին ղեկավարները որակելով «ստախօսներ ու խաբեբաներ»։

Մինչ Իրան կը պնդէ, որ հարուածները հասցուցած է ի պատասխան ամերիկեան նախորդող յարձակումներուն, Եւրոպական Միութիւնն ու ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն լարումին սաստկացման կապակցութեամբ: